Մեր Պետութեան ու Հայրենիքին Համազգային Միասնութեան Ճակատով Տէր Կանգնելու Վճռական Պահն Է․ Համահայկական Զօրաշարժի Կոչ

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը ճակատագրական այս փուլին կոչ ուղղեց համահայկական զօրաշարժի: Այս մասին նշուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 26-րդ Գերագոյն ժողովին տարածած յայտարարութեան մէջ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:

Սիրելի հայրենակիցնե՛ր,

Հայ ժողովուրդը եւ հայոց պետականութիւնը կանգնած են գոյութենական ծանրագոյն սպառնալիքի առջեւ:

Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ուրացումը, ՀՀ Անկախութեան հռչակագրէն բխող յանձնառութիւններէն եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորի սահմանադրական պարտականութիւններէն հրաժարուիլը, թուրք-ազրպէյճանական պարտադրուող զիջումները ընդունելու եւ հայ ժողովուրդի ազգային պետական շահերը ստորադասելու քաղաքականութիւնը կործանարար է:

ազրպէյճանի շարունակուող թշնամանքը պիտի յանգեցնէ նոր ցեղասպանութեան եւ Արցախի հայաթափման, հարցականի տակ պիտի դնէ Հայաստանի պետականութեան ապագան:

Հայ ժողովուրդի թիկունքին հակասահմանադրական ընթացքով ձեռք բերուած ցանկացած համաձայնութիւն կամ փաստաթուղթ չունի իրաւական եւ քաղաքական օրինականութիւն, անիկա յղի է նոր պատերազմի սպառնալիքով եւ անխուսափելիօրէն ապակայունացնելու եւ նոր ցնցումներու պիտի տանի  ողջ տարածաշրջանը:

Հակասահմանադրական եւ հակապետական այս ընթացքին անյապաղ կասեցումը օրախնդիր է եւ համազգային առաքելութիւն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը ճակատագրական այս հանգրուանին ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ կոչ կը հնչեցնէ:

Սթափուելու, ընդվզելու, մեր  ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱԿԱՏՈՎ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՎՃՌԱԿԱՆ ՊԱՀՆ Է:

ԱՐՑԱԽԻ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՍԱԿԱՐԿՄԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ Չէ

Մենք համոզուած ենք` իշխանութիւններուն կողմէ պարտադրուած պարտուողականութեան ու  անզօրութեան այլընտրանք կայ,

Կը հաստատենք` ներազգային համերաշխութեան վերահաստատումով եւ համահայկական ներուժով կրնանք եւ պարտաւոր ենք`

  • Վերականգնել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը.
  • Վերականգնել երկրի անվտանգային համակարգը, ազգ-բանակ համազգային գիտակցումով բարձրացնել երկրի պաշտպանունակութիւնն ու հայոց բանակի մարտունակութիւնը.
  • Արդիւնաւէտ օգտագործելով միջազգային իրաւունքն ու միջազգային հարթակները, համադրելով տարածաշրջանին մէջ հետապնդուող աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութիւնները, Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցներու զօրակցութիւնն ու դիւանագիտական ներուժը` պաշտպանել եւ առաջ տանիլ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ռազմավարական շահերը,
  • Միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս մերկացնել եւ դատապարտել ազրպէյճանի յանցագործութիւնները` ուղղուած մարդկութեան եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին դէմ,
  • Կասեցնել մեր ազգային ինքնութիւնը քայքայող օտարածին ծրագրերը, երկրին մէջ հաստատել իրական ժողովրդավարութիւն, հանրային համերաշխութիւն եւ արդարութիւն,
  • Համահայկական ուժերու մէկտեղումով զօրացնել Հայաստանի կարողականութիւնները, ստեղծել ուժեղ եւ մրցունակ պետութիւն, որ անզիջում դիմադրութեամբ պիտի կանխէ թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի հետապնդած Արցախի բռնակցման, հայաթափման եւ Հայաստանին կենսական զիջումներ պարտադրող պանթուրքական ծրագրերը:

Աներկբայ է` վերը նշուած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ  ստեղծուած իրավիճակին հանգուցային բեկում մտցնելու նախապայմանը ազգային  իշխանութեան ձեւաւորումն է եւ նոր որակի պետութեան կառուցումը:

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութիւնն ու ՀՅ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյց ըիրենց ողջ ներուժով պիտի լծուին Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան ու փրկութեան ուղղուած համազգային ընդվզման եւ դիմադրութեան ճակատի ձեւաւորման: