Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը Միաձայն Ընդունած Է Արցախցիներուն Հրատապ Օգնութիւն Տրամադրելու Բանաձեւ Մը

Աշխարհ, Հայաստան

Փարիզի քաղաքային խորհուրդը օրերս միաձայն ընդունած է «Արցախի ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստանած արցախցիներուն հրատապ օգնութեան տրամադրման» վերաբերեալ բանաձեւ մը: Այս մասին կը հաղորդեն Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն:

Բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի 12 Դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Արցախի 120 հազար բնակիչի` մնացեալ աշխարհէն կտրուած ըլլալու հանգամանքը, յղում կը կատարուի 27 նոյեմբեր 2020-ին Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման վերաբերեալ Փարիզի քաղաքային խորհուրդին կողմէ Ֆրանսայի կառավարութեան ուղղուած կոչ-բանաձեւի ընդունման, Ֆրանսայի տարբեր վարչատարածքային միաւորներու կողմէ Արցախի բնակչութեան ցուցաբերուած օգնութեան, Փարիզի քաղաքապետարանին կողմէ հայ ժողովուրդին ուղղուած աջակցութեան եւ համերաշխութեան բազմաթիւ կոչերուն, Երեւան քաղաքի` Ֆրանսախօս քաղաքապետներու միջազգային միութեան անդամակցութեան, կարեւոր կը նկատուի Փարիզ քաղաքին կողմէ արցախահայութեան հերթական անգամ աջակցութեան տրամադրումը:

Քաղաքային խորհուրդը նշեալ բանաձեւով նաեւ Փարիզի քաղաքապետին լիազօրութիւն կու տայ` կոչ ուղղելու Ֆրանսայի այլ վարչատարածքային միաւորներուն եւ Ֆրանսախօս քաղաքապետներու միջազգային միութեան անդամ օտարերկրեայ քաղաքներուն` միանալու հրատապ աջակցութեան այդ նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստանած արցախցիներուն աջակցիլը եւ Արցախի բնակչութեան ինքնաշարժներու մարդասիրական շարասիւնի միջոցով սնունդ հասցնելը: