Շուէտի եւ Գերմանիոյ Հայ Համայնքի Խորհուրդները Իրենց Զօրակցութիւնը Կը Յայտնեն Արցախի Ժողովուրդին

Հայաստան

Շուէտի եւ Գերմանիոյ հայ համայնքի խորհուրդները հանդէս եկած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին զօրակցող, ինչպէս նաեւ փաշինեանի Մայիս 22-ի յայտարարութիւնը դատապարտող յայտարարութիւններով, որուն մէջ կ՝ըսուի․

Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդը զօրակցութիւն կը յայտէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յայտարարութեան՝ համարելով որ Արցախի Հանրապետութիւնը չի կրնար ճանչցուիլ ազրպէյճանի մաս որեւէ կառոյցի կողմէ, յատկապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան։

Արցախի կարգավիճակը արդէն իսկ որոշուած է 1991թ. Դեկտեմբեր 10-ի համաժողովրդական կամարտայայտութեամբ, որ բխած է ՄԱԿ «ժողովուրդներու եւ ազգերու ինքնորոշման մասին» բանաձեւէն եւ որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ զայն վիճարկելու։

նիկոլ փաշինեանը, փաստօրէն, իր այդ յանձնառությամբ նաեւ կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրի եւ Սահմանադրութեան ամրագրումները Արցախի մասին, քանզի Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի 1992 թուականի Յուլիս 8-ի որոշման համաձայն «Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի համարել միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նշուած կ՝ըլլայ ազրպէյճանի կազմին մէջ»։

Կոչ կ՝ընենք համայն հայութեան համախմբուելու Արցախի Ինքնորոշման իրաւունքին եւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքներու պաշտպանութեան շուրջ եւ թոյլ չտալու ՀՀ օրուան իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքները ազրպէյճանին զիջելուն, համայն հայութեան համախմբման շնորհիւ միայն հնարաւոր է յաղթական ելքը այս դժուարին իրավիճակէն, այլապէս աղէտալի հետեւանքները հայկական պետականութեան համար անխուսափելի պիտի ըլլան:

Շուէտի հայկական կազմակերպութիւններու միութիւնը (UAAS) խստօրէն կը դատապարտէ վարչապետ նիկոլ փաշինեանի Մայիս 22-ի յայտարարութիւնը առ այն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ճանչնալու Արցախը ազրպէյճանի կազմին մէջ։

Յայտարարութիւնը ակնյայտօրէն կը հակասէ միջազգային իրաւունքի այնպիսի դրոյթներու, ինչպէս՝ ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, նաեւ օրինականութիւնը եւ միջազգային քաղաքական կարգավիճակը ընտրելու իրաւունքը։

Յայտարարութիւնը կը հակասէ նաեւ 1991 թուականի Դեկտեմբեր 10-ի հանրապետական հանրաքուէին ժամանակ արտայայտած Արցախի պետական անկախութեան հռչակագրին։ Արցախի կարգավիճակը արդէն որոշուած է ժողովուրդին արտայայտած կամքով, այնուհետեւ քանի մը անգամ վերահաստատուած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ։ Վերջին վերահաստատումը եղած է նիկոլ փաշինեանի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք։

Աւելին, Արցախի ժողովուրդին համար ցանկացած կայուն եւ տեւական լուծում պէտք է վայելէ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն աջակցութիւնը։ Շուէտի հայկական կազմակերպութիւններու միութիւնը (UAAS) այն կարծիքին է, որ Հայաստանի վարչապետին յայտարարած լուծումը չի յանգեցներ Արցախի խաղաղութեան, քանի որ անիկա ընդունելի չէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին համար։ Ընդհակառակը՝ առաջարկուող տարբերակը իրագործման պարագային վտանգի տակ կը դնէ Արցախի ազգաբնակչութեան անվտանգութիւնը եւ կրնայ յառաջացնել այնպիսի պայմաններ, որոնք 90-ականներուն, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ազգամիջեան հակամարտութեան պատճառ դարձան։