Արցախի Մէջ Առաջին Եռամսեակին Բնակչութեան Բնական Աճ Արձանագրուած է
Տարուան առաջին եռամսեակին Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանակգրուած է բնակչութեան բնական աճ: Այս մասին, Մայիս 26-ին, տեղեկացուցած է Արցախի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Մանուշ Մինասեան՝ ամփոփելով Հանրապետութեան մէջ ընթացիկ տարուան Յունուար-Մարտ ամիսներուն ընկերային-տնտեսական վիճակին ցուցանիշները:
«Ծնածներուն թիւը գերազանցած է մահացութեան դէպքերը։ Բնակչութեան կենսունակութեան գործակիցը 2023 թուականի Յունուար-Մարտին կազմած է 166.3 տոկոս։ Ծնածներուն 50,7 տոկոսը տղաներն են։ Մայրական մահացութեան դէպք չէ գրանցուած»,- ներկայացուցած է ԱՎԾ նախագահը։
