Շտապօգնութեան Մեքենայի ու Բուժանձնակազմի Թիրախաւորումը Միջազգային Մարդասիրական Իրաւունքի Չափանիշներու Խախտում է. ՄԻՊ
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանի յայտարարութիւնը՝ ազրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ շտապօգնութեան մեքենային թիրախաւորման վերաբերեալ․
Այսօր, Մայիս 17-ին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը ահազանգեր ստացած է, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը Գեղարքունիքի մարզի Սոթք բնակավայրին ուղղութեամբ կրակած են դէպի այկական դիրքերը։ Կրակոցներուն հետեւանքով վիրաւորուած է ՀՀ զինծառայող մը:
Զինծառայողը տեղափոխող շտապօգնութեան մեքենային ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուած ուժերը բացած են թիրախային կրակ, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է բուժակը:
ազրպէյճանական կրակոցներուն հետեւանքով վիրաւորուած զինծառայողը մինչեւ հիւանդանոց տեղափոխուիլը զոհուած է:
Հաւաքագրուած փաստերը կը հաստատեն, որ կրակը վարուած է շտապօգնութեան մեքենային ուղղութեամբ, որ հիմք կու տայ եզրակացնելու, որ առկայ եղած է դիտաւորութիւն՝ վնասելու ինչպէս մեքենան, այնպէս ալ զինծառայողն ու բուժանձնակազմը: Վիրաւոր զինծառայողը տեղափոխող շտապօգնութեան մեքենան եղած է համապատասխան տարբերանշանով եւ կահաւորմամբ։
Հարկ է ընդգծել, որ շտապօգնութեան մեքենայի ու բուժանձնակազմի թիրախաւորումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներու խախտում է։
