ազրպէյճանի ԶՈւ Ստորաբաժանումները Կրակած են Սոթքի Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Մայիս 17-ին, ժամը 16:15-ի սահմաններուն, ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները կրակած են Սոթքի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վիրաւորուած զինծառայող
Էդգար Վահանի Սուլէյմանեանը (2003թ.) մահացած է հիւանդանոց տեղեփոխուելու ճանապարհին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ՊՆ-ն։

«Այնուհետեւ ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները կրակած վիրաւոր զինծառայողը տեղափոխող շտապօգնութեան մեքենային ուղղութեամբ, որուն պատճառով վիրաւորուած է բուժաշխատողը։