Առանձին Անհատներ Չեն Կրնար Որոշել Արցախցիին Ճակատագիրը, Իսկ Փորձողները Ժամանակէն Շուտ Կը Կնքեն Իրենց Քաղաքական Մահը. Արմէն Սարգսեան
Կիրակի օրը Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ բանակցութիւններէն ետք՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը ոգեւորութեամբ յայտարարեց, որ փաշինեանը աներկբայ ճանչցած է Արցախը ազրպէյճանի կազմին մէջ, իսկ ազրպէյճանը ատոր դիմաց Արցախի վերաբերեալ որեւէ պարտաւորութիւն չէ ստանձնած:
Այսքանէն ետք՝ «ինչպէ՞ս կը տեսնեն Արցախի ապագան» հարցին պատասխանը
iravunk.com-ը փորձած է ստանալ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍՅԱՆէն, որ նախ փաստած է հետեւեալը.
-Արցախի ապագան ես կը տեսնեմ երկու ձեւով՝ առաջինը` Արցախի ինքնորոշում եկ միջազգայնօրէն ճանաչում, որ այս հանգրուանին շատ դժուար է իրականացնել, բայց իբրեւ ռազմավարութիւն միշտ պիտի մնայ մեր օրակարգին վրայ: Երկրորդ, իրավիճակի պահպանում կամ մասնակի ճանաչում, որուն իրականացումը աւելի հաւանական կը համարեմ: Պէտք է հաշուի առնել, որ ամէն օր տեղի կ՝ունենան աշխարհաքաղաքական լուրջ փոփոխութիւններ, եւ ամէն պահ կրնայ փոփոխուիլ իրավիճակը:
Կը կարծեմ, որ ամենածանր պահերը արցախցիները կ՝ապրին հիմա, եւ պէտք է միահամուռ ուժերով դիմագրաւենք այդ դժուարութիւնները: Արցախի ապագան կը խարսխուի Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք եռամիասնութեան մէջ, թէեւ այսօր կը տեսնենք, որ 120,000 արցախցիներ շրջապատուած են ազրպէյճանցիներու կողմէ, սակայն այս իրավիճակին մէջ ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները կը գտնուին Խորհրդային ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման եզրոյթին մէջ, որուն կազմին մէջ՝ Արցախի Հանրապետութիւնը: Արեւմուտքի հետ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ նոյնիսկ չի շօշափուիր Արցախի կարգավիճակին հարցը: Նկատենք, որ արցախեան շարժման ցանկացած հանգրուանի կարելի էր ամէն ինչ պատկերացնել, բայց ոչ ՀՀ-ի իշխանութիւններու վերոյիշեալ դիրքորոշումը:
Կը կարծենք, որ Ռուսիա-Արեւմուտք հակադրութիւնները շատ յստակ կը գործեն նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Արեւմուտքի նպատակը ռուսերու դուրս մղումն է տարածաշրջանէն, իսկ Ռուսիոյ նպատակը՝ տարածաշրջանին մէջ ամրապնդուիլն ու Արեւմուտքի՝ տարածաշրջան ներթափանցման կանխումը։
Մեր զրուցակիցը վստահ է.
-Մենք պէտք է մեր նպատակին հասնելու համար շատ ճկուն, բայց համարձակ քաղաքականութիւն վարենք՝ պարուրուած ժողովուրդի միասնականութեամբ: Վստահ եմ, որ Արցախը պիտի չըլլայ ազրպէյճանի կազմին մէջ եւ որ մօտ ապագային տարածաշրջանին մէջ պիտի ըլլան քաղաքական նոր դասաւորումներ, որուն սկիզբը պիտի «ազդարարեն» Մայիս 28-ին՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան օրը՝ թուրքիոյ մէջ կայանալիք ընտրութիւնները: Առանձին անհատներ, անկախ անկէ, թէ ինչ պաշտօն ունին, անկախ անկէ, թէ իրենք Հայաստանի մէջ են թէ այլ երկիրներու, չեն կրնար որոշել արցախցիի եւ ողջ հայ ժողովուրդի ճակատագիրը: Առաւել վստահ եմ, որ անոնք ժամանակէն շուտ կը կնքեն իրենց քաղաքական մահը, քանզի չեն հենուիր ժողովուրդի ներուժին վրայ եւ տարուած են միայն արտաքին քաղաքական խաղերով:
Չմոռնանք, որ Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս է, ուրեմն՝ գործենք այդ յաղթանակներուն համար:
Զրոյցը՝ Իլոնա Ազարեանի
iravunk.com
