
Պէտք է Սեղանին Ունենալ ազրպէյճանի Պաշտօնեաներու Դէմ Պատժամիջոցներու Տարբերակը՝ Լաչինի Միջանցքին Հարցով Ճնշում Գործադրելու Ընթացքին. Մենենտէս
ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, դեմոկրատ ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտէսը յանձնաժողովի նախագահի Twitter-ի էջին վրայ իր կատարած գրառումով՝ քննադատած է ազրպէյճանը Լաչինի միջանցքին արգելափակման համար՝ չբացառելով պատժամիջոցներու կիրառման տարբերակը:
«պաքուի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումէն 150 օր անց ակնյայտ է, որ ալիեւը մարդկայնական ճգնաժամ կը ստեղծէ եւ կը դադրեցնէ ելեկտրականութեան մատակարարումը կարեւոր ենթակառուցուածքներուն: Անհրաժեշտ է սեղանին ունենալ ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նկատմամբ պատժամիջոցներու տարբերակը, քանի դեռ ճնշում կը գործադրենք Լաչինի միջանցքը բանալու համար»,- գրած է ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Մենենտէսը: