
«Հաւաքական Ուժ՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք» Խորագիրով Քննարկում՝ Քրեսենթա Հովիտի Մէջ
Երեքշաբթի, 11 Ապրիլ 2023-ին, Քրեսենթա Հովիտի Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան Երիտասարդական Կեդրոնի Դաստիարակչական Յանձնախումբը կազմակերպած էր «Հաւաքական Ուժ՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք» խորագիրով քննարկում։ Այս մասին կը հաղորդէ Oragark.com-ը։
Քննարկման ընթացքին բանախօսեցին դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանը, Յարութ Սասունեանը եւ Ռոպերթ Մարգարեանը:
Ձեռնարկը առիթ էր կանգ առնելու հայ ժողովուրդին առջեւ ներկայ փուլին ծառացած խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու վրայ, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին մէջ:
Բանախօսները հակիրճ ակնարկներով ներկայացուցին ներկայ իրավիճակը, առկայ խնդիրները եւ ապագայի տեսլականները, կատարելով պատմական ակնարկներ:
Ձեռնարկի սկզբը կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ Վահէ Հայրիկեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ քննարկման նպատակին եւ ներկայացուց օրուան բանախօսները:
Դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան գիտական, հասարակական ու առողջապահական հետաքրքրական վերլուծութեան միջոցով անդրադարձաւ հաւաքական ուժի կարեւորութեան:

Յարութ Սասունեան առաւելապէս կեդրոնացաւ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան վրայ, թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ոլորտներուն մէջ, անդրադառնալով ստեղծուած ճգնաժամային վիճակը յաղթահարելուն համար հաւաքական ուժի եւ միասնականութեան նշանակութեան:
Օրուան վերջին բանախօս Ռոպերթ Մարգարեան պատմական ակնարկներով կարեւոր համարեց հաւաքական ուժի նշանակութիւնը եւ ընդգծեց, որ մեր բոլոր յաղթանակները արձանագրուած են այն ժամանակ, երբ եղած ենք միասնական, իսկ պարտուած ու յանձնուած ենք այն պահուն, երբ պառակտուելով զրկուած ենք հաւաքական ուժէն:
Բանախօսը, իբրեւ հաւաքական ուժի ստեղծման նախապայման, նշեց Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն կողմէ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ քաշուած բաժանարար գիծերուն վերացումն ու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումը:
Քննարկման աւարտին բանախօսները պատասխանեցին ներկաներուն կողմէ ուղղուած հարցերուն: