«Ելք»-ը Վարչապետի Պաշտօնին Համար Կ’առաջադրէ Փաշինեանի Թեկնածութիւնը
Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութիւնը որոշած է Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` լրագրողներուն յայտնեց Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեան:
«Իրաւաբաններու հետ խորհրդկացութեան արդիւնքով որոշեցինք վարչապետի թեկնածու առաջադրել»,-ըսաւ Գորգիսեան:
Անոր խօսքով` նման որոշում առած են իրաւական գործընթացը ապահովելու համար:
ՀՀ վարչապետի ընտրութիւնը ԱԺ-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 24-ին: Այլ խմբակցութիւններէ դեռ թեկնածու չեն առաջադրած:
