Ձերբազատուեցէք Այն Մտքէն, Թէ Բաւարար Ուժ ու Կարողութիւն Չունիք Իրավիճակ Փոխելու Համար. Ռուբէն Վարդանեանը՝ Երիտասարդներուն

Հայաստան

Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանը երիտասարդները յորդորած է ձերբազատուիլ այն մտքէն, թէ իրենք բաւարար ուժ ու կարողութիւն չունին իրավիճակ փոխելու համար։ Այս մասին ան գրած է Facebook-ի իր էջին վրայ: Ան, մասնաւորապէս, նշած է. «Մենք կ՝ապրինք իրավիճակի մը մէջ, երբ մէկ կողմէն կ՝անհանգստանանք անվտանգութեան համար, բայց միւս կողմէն չենք ուզեր ընդունիլ իրականութիւնը եւ կը շարունակենք ապրիլ այնպէս, կարծես ամէն ինչ նախկինի պէս է: Գիտեմ, որ հասարակութեան մէջ մեծ է հիասթափութիւնը, չենք հաւատար մենք մեզի եւ առաջնորդներուն, իսկ ապագային վերաբերեալ յստակ պատկերացման բացակայութիւնը աւելի կը յուսալքէ: Բայց գոյութիւն ունի շատ պարզ ճշմարտութիւն՝ մինչեւ մէջդ ուժ չգտնես կերտելու այդ ապագան, քայլեր չընես այդ ուղղութեամբ, այդ ապագան ինքնըստինքեան չի կերտուիր:

Ստեփանակերտի «Մեր սարերը» կեդրոնին մէջ երէկ հանդիպեցայ արցախցի խումբ մը երիտասարդներու հետ՝ հասկնալու համար, թէ գործօն երիտասարդութիւնը ինչպէս կը տեսնէ իր ապագան: Երիտասարդութիւնը միշտ եղած է հասարակութեան շարժիչ ուժը: Այս երիտասարդներուն ծնողներն էին, որ 35 տարի առաջ սկսան Արցախեան շարժումը, որոշեցին, որ պիտի չըլլան ազրպէյճանի կազմին մէջ, ելան պայքարի, ամէն ինչ ըրին՝ փոխելու իրավիճակը եւ փոխեցին:

Երիտասարդներուն իմ յորդորը մէկն էր՝ ձերբազատուիլ այն մտքէն, թէ իրենք բաւարար ուժ ու կարողութիւն չունին իրավիճակ փոխելու համար, եւ որ ատիկա ղեկավարութեան գործն է: Իրականութեան մէջ երիտասարդութիւնը շատ բան կրնայ ընել, որոշել՝ ինչպիսի ապագայ կը տեսնէ ինքը եւ ամէն ինչ ընել՝ իր պատկերացուցած ապագան կերտելու համար:

«Մեր սարերը» կեդրոնը լաւ հարթակ է ապագայի տեսլականին շուրջ քննարկումներու, բանավէճերու համար: Յառաջիկային նաեւ «Մատենա» միջազգային դպրոցը այստեղ պիտի սկսի առաջնորդութեան ծրագիր, եւ ես ուրախ պիտի ըլլամ, որ արցախցի երիտասարդները գործօն մասնակցութիւն ունենան»: