
Ապրիլ 17-էն Սկսեալ Դէպի Ամարասի, Գանձասարի եւ Յակոբավանքի Վանական Համալիրներ Պիտի Գործեն Անվճար Փոխադրամիջոցներ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) Արցախի թեմը կը յայտարարէ, որ Ապրիլ 17-էն սկսեալ՝ իւրաքանչիւր Կիրակի, ժամը 08:30-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն դէպի Ամարասի, Գանձասարի եւ Յակոբավանքի վանական համալիրներ պիտի գործեն անվճար փոխադրամիջոցներ։
Բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք ցանկութիւն կ՝ունենան մասնակցելու ՀԱԵ Արցախի թեմի նախաձեռնած ամենշաբաթեայ ուխտագնացութեան, գրանցուելու համար նախապէս պէտք է դիմեն Ստեփանակերտի Սրբ․ Աստուածածին առաջնորդանիստ եւ Սրբ․ Յակոբ եկեղեցիներու մոմավաճառներուն։

