
Միջազգային Հանրութիւնը Անառարկելի Պարտաւորութիւն Ունի Կանխելու ազրպէյճանական Յետագայ Յանցագործութիւնները․ ԱՀ ՄԻՊ
Հրապարակուած է ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով մարդու անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու խախտումներուն մասին ՄԻՊ նոր զեկոյցը՝ շրջափակման 4 ամսուան տուեալներով․
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Ապրիլ 12-ին, հրապարակած է արտահերթ եռալեզու զեկոյցի նոր տարբերակը՝ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի քառամսեայ (122-օրեայ) շրջափակման հետեւանքով մարդու անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու խախտումներուն մասին:
Զեկոյցին մէջ համապարփակ ու մանրամասն կերպով կը ներկայացուին անհատական 7 իրաւունքներու, խոցելի 5 խումբերու եւ հաւաքական 4 իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերյալ տուեալներ, որոնք կ՝արտացոլեն մարդկայնական խորացող ճգնաժամը եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուող ազրպէյճանական ցեղասպանական քաղաքականութիւնը:
ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող շրջափակումը, կենսական ենթակառուցուածքներուն խափանումները, ինչպէս նաեւ պարբերաբար եւ հետեւողականօրէն իրականացուող զինուած յարձակումներն ու ուժի կիրառման սպառնալիքները նպատակ կը հետապնդեն ֆիզիքական եւ հոգեբանական ահաբեկմամբ, կեանքի համար անտանելի պայմաններու ստեղծմամբ ցեղական զտման ենթարկելու Արցախը եւ ոչնչացնելու Արցախի բնիկ հայկական բնակչութիւնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք զեկոյցին մէջ արտացոլուած քանի մը հիմնական տուեալ քառամսեայ շրջափակման հետեւանքով մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ՝
• Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիով (Բերձորի միջանցքով) մարդոց երկկողմանի տեղաշարժի դէպքերը նուազած են շուրջ 183 անգամով (298,900-ի փոխարէն՝ 1,638 մուտք եւ ելք)
• Ճանապարհով արձանագրուած է գրեթէ 48 անգամ աւելի քիչ մեքենայի շարժ, քան պէտք է ըլլար առանց շրջափակման (112,240-ի փոխարէն՝ 2,362 մեքենայի մուտք եւ ելք, ան ալ՝ միայն Կարմիր խաչի եւ ՌԴ խաղաղապահներու կողմէ).
• Շուրջ 12 անգամ աւելի քիչ ներկրուած է կենսական նշանակութեան բեռ, քան իրականութեան մէջ պէտք է ըլլար (48,800 թոնի փոխարէն՝ 4,089 թոն).
• Շրջափակման հետեւանքով իրենց տուները չեն կրցած վերադառնալ ընդհանուր առմամբ շուրջ 3,900 անձեր, ներառեալ՝ 570 երեխայ.
• Ծրագրուած վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով մօտ 1060 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն.
• ազրպէյճանը հանրագումարային 56 օր շարունակ ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն ընդհատած է Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարումը.
• Արդէն 93 օր շարունակ ամբողջութեամբ խաթարուած է Հայաստանէն Արցախ ելեկտրամատակարարումը, որ կը շարունակէ յանգեցնել հովհարային եւ վթարային անջատումներու.
• Փաստացի աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը կորսնցուցած է նախնական հաշուարկներով շուրջ 10,300 մարդ (ներառեալ՝ աշխատատեղի պահպանման դէպքերը), որ մասնաւոր հատուածի մէջ աշխատողներու 50 տոկոսէն աւելին է.
• Կազամատակարարման ու ելեկտրամատակարարման խափանումները յանգեցուցած են չնախատեսուած անտառահատումներու՝ լրացուցիչ շուրջ 7,400 ծառի հատում, այդ ալ իր հերթին լրացուցիչ երկարաժամկէտ խնդիրներ պիտի ստեղծէ առողջ շրջակայ միջավայրի ապահովման հարցով.
• Երկրի տնտեսութեան հասցուած է շուրջ 230 միլիոն ԱՄՆ տոլարի վնաս
• Դադրած են 32.6 քիլոմեթր ճանապարհի, տասնեակ քիլոմեթր ջրագիծի, հազարաւոր հեկտար հողատարածքներու ոռոգման համակարգերու, 3,717 բնակարաններու, աւելի քան 40 հասարակական եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու շինարարական աշխատանքները.
• Շարք մը իրաւունքներու խախտումներ աւելի սուր կ՝արտայայտուին խոցելի խումբերու ներկայացուցիչներուն մէջ, մասնաւորապէս՝ 30,000 երեխայ, 9,000 հաշմանդամութիւն ունեցող անձ, 20,000 տարեց, 60,000 իգական սեռի ներկայացուցիչ (կին եւ աղջիկ) եւ 15,000 տեղահանուած անձ.Ի լրումն 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու շարունակական ու բազմակի խախտումներու՝ 50 օր շարունակ չիրագործելով նաեւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր կատարման որոշումը՝ Բերձորի միջանցքով մարդոց, մեքենաներու եւ բեռներու անխափան ելքի ու մուտքի ապահովման վերաբերեալ՝ ազրպէյճանը հերթական անգամ ոտնահարած է միջազգային բարձրագոյն արժէքներն ու սկզբունքները: Աւելին, անկէ ետք ազրպէյճանական կողմը դիմած է յարձակողական գործողութիւններու՝ յանգեցնելով մարդկային կորուստներու եւ այլ զրկանքներու Արցախի ժողովուրդին մէջ:
Ուստի, միջազգային հանրութիւնը ոչ միայն իրաւունք, այլեւ անառարկելի պարտաւորութիւն ունի օր առաջ գործնական միջոցներով կատարելու միջազգային բարձրագոյն դատարանին որոշումը եւ կանխելու ազրպէյճանական յետագայ յանցագործութիւնները։
Արցախի ժողովուրդին դէմ տեղի ունեցող ազրպէյճանական բոլոր իրաւախախտումները կը կատարուին ռասայական խտրականութեան (հայատեացութեան) պետական քաղաքականութեան ծիրէն ներս եւ խորքային առումով ուղղուած են անոր ինքնորոշման իրաւունքին եւ անոր իրացման փաստին դէմ՝ նպատակ ունենալով ցեղական զտման միջոցով իր օգտին վերջնականապէս փակելու հակամարտութեան էջը՝ «չկայ ժողովուրդ, չկայ իրաւունք» տրամաբանութեամբ:
ազրպէյճանի կողմէ համակարգային եւ հետեւողականօրէն իրականացուող ցեղական ատելութեան քաղաքականութիւնը, որ դրսեւորուած է ինչպէս Արցախի ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած յարձակումներու ընթացքին, այդպէս ալ հրադադարի հաստատումէն ետք, անառարկելիօրէն կը փաստեն, որ ազրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի ցանկացած կարգավիճակ հաւասարազօր է Արցախի ցեղական զտման եւ Արցախի հայութեան ցեղասպանութեան։ Ուստի, արցախեան հակամարտութեան ծիրին մէջ ինքնորոշման իրաւունքը հաւասար է իրենց հայրենիքին մէջ մարդոց ապրելու իրաւունքին։»
Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքը եւ անոր ֆիզիքական գոյութեան դէմ ազրպէյճանական ռասայական խտրականութեան հիմքով կատարուած ոտնձգութիւններն ու սպառնալիքները առաւել քան բաւարար հիմքեր են միջազգային հանրութեան կողմէ Արցախի ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման համար՝ «ճանաչում յանուն փրկութեան» սկզբունքին հիման վրայ:
Զեկոյցին կարելի է ծանօթանալ այստեղ` https://artsakhombuds.am/hy/document/1013: