Ըստ Հակահայ Թրքական Միութեան Նախագահին՝ Ազրպէյճանի Մէջ Տակաւին 35 Հազար Հայ Կայ

Աշխարհ

«Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» (ԱՍԻՄՏԷՐ) կառոյցի նախագահ Կէօքսէլ Կիւլպէյ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի մէջ ներկայիս կ՛ապրին 35 հազար հայեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Մարմարա»-ն:

Ըստ անոր, մինչեւ 1992-ի ղարաբաղեան պատերազմը, այնքան ատեն որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը չէին անկախացած, հարիւրաւոր խառն ամուսնութիւններ եղած էին:

«1992-ին, երբ Ռուսիոյ աջակցութեամբ հայկական բանակն ու կամաւոր ուժերը Ղարաբաղը գրաւեցին, կոտորածներ կատարեցին, երկու ժողովուրդներուն միջեւ պառակտումներ եղան», ըսաւ ան:

Կիւլպէյի կարծիքով, Ատրպէյճան բնակող հայերը վերադարձան իրենց հայրենիքը` Հայաստան, սակայն այն հայ կիները, որոնք ամուսնացած էին ազերիներու հետ եւ անոնցմէ զաւակներ ունէին, շարունակեցին ապրիլ Ատրպէյճանի մէջ: Ներկայիս անոնք կը շարունակեն ապրիլ հոն:

ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահը վկայակոչելով վիճակագրական կարգ մը ուսումնասիրութիւններէ քաղուած տուեալներ, նշեց, թէ այդ հայերուն թիւը կը հասնի 35 հազարի: Ան դիտել տուաւ, որ մօր կողմէ հայ երեխաները պետական համակարգի մէջ պաշտօններ կը վարեն: Կիւլպէյ Ատրպէյճանի ուշադրութիւնը հրաւիրեց այս հանգամանքի վրայ եւ շեշտեց, որ Ատրպէյճան ուշադիր պէտք է ըլլայ, որպէսզի այդպիսի ընտանիքներու զաւակները պետական համակարգի մէջ գործ չունենան:

Ան ըսաւ, որ նոյն իրավիճակը կայ նաեւ Թուրքիոյ մէջ: Կիւլպէյի պնդումով ու համոզումով, Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին 100 հազար հայեր, որոնցմէ զատ կան նաեւ 70 հազար հայաստանցիներ` իբրեւ գաղթական: Մասնաւորաբար հայաստանցի կիները գումարի դիմաց կը խնամեն թուրքերու զաւակները:

«Մենք մեր բարեկամներէն կը տեղեկանանք, որ հայու արիւն կրող երեխաներ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կը հանդիպին իրենց հայ հարազատներուն հետ», նշած է Կիւլպէյ: