Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ ԱԵՄ-ի Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուած է (լուսանկարներ)

Հայաստան

Արցախը շրջափակման մէջ է 100 օր։ Թշնամի ազրպէյճանը արդէն 100 օր է, որ չի կրնար հասնել իր դաւադիր նպատակներուն՝ հայաթափել Արցախն ու գրաւել զայն։ 2020թ․ դաժան պատերազմէն ետք թէեւ վիրաւոր, սակայն Արցախի սիրտը կը բաբախէ, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ արցախցին կը պայքարի։

Սնունդի, դեղորայքի, վառելիքի, ելեկտրականութեան ու կազի բացակայութեան պայմաններուն մէջ կ՝ապրի արցախցին։ 3 պատերազմի բովով անցած, բազմաթիւ զրկանքներ ու դաժանութիւններ տեսած արցախցիին կամքը անկոտրում է։ Արցախցին հաւատարիմ է իր ընտրած պայքարի ուղիին։

Եւ այսօր, ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման ցեղասպանական քաղաքականութեան 100-րդ օրը, Արցախի երիտասարդները մէկ անգամ եւս ցոյց կու տան իրենց հաստատակամութիւնը՝ այս հողին վրայ ապրելու ու արարելու՝ ի հեճուկս համայն աշխարհին եւ բոլոր դժուարութիւններուն։

2023թ․ Մարտ 21-ին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպած է ցոյց՝ վերահաստատելու այդ կամքը, արցախցիին ձայնը լսելի դարձնելու համայն աշխարհին, պայքարի վճռականութիւնը արտայայտելու եւ հայ ժողովուրդին միասնական կամքը ապացուցելու համար։

Այսօր աշխարհի շատ երկիրներու մէջ, ուր կան դաշնակցական կառոյցներ եւ երիտասարդական, ուսանողական ու պատանեկան միութիւններ, տեղի կ՝ունենան նմանատիպ ցոյցեր՝ փաստելով, որ դաշնակցական երիտասարդները դիւանագիտական մակարդակով, հանրային բեմերու վրայ չեն մոռցած Արցախը եւ ամէն առիթով միջազգային հարթակներու վրայ կը ներկայացնեն Հայ Դատն ու հայկական պահանջատիրութիւնը։ Այսօր խորհրդանշական օր է, պայքարի 100-րդ օրը։ Արցախը կը դիմակայէ եւ իր դիմակայութեամբ թշնամիին ոչ կ՝ըսէ՝ պարտադրելով յարգանք եւ ակնածանք։