
Ազգային Ժողովը Չընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծը
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը քուէարկութեան դրաւ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու նախագիծը: Փոփոխութիւններու նախագիծին թեր քուէարկեց 56 պատգամաւոր, մինչդեռ օրէնքը ընդունելու համար անհրաժեշտ էր 63 ձայն: Դէմ քուէարկեց 3 պատգամաւոր: