
Պաշտօնական Ճաշկերոյթ՝ Ի Պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ձեռնադրութեան 50-ամեակին
Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Տիկնոջ Ներկայութեամբ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 21-ին, «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը ի յարգանք՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով:
Ճաշկերոյթին ընթացքին խօսք առաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան։ Կարդացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը, ապա յաջորդաբար խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ կաթողիկոսը:
Արտասանելով բացման խօսքը՝ Մահսէրէճեան ըսաւ, որ վեհափառին նկարագիրին գերակշիռ յատկութիւններէն են՝ համահայկական մտածողութիւնը եւ աշխատանքի մղելը, ինչպէս նաեւ եկեղեցին պատերէն անդին տանելու յանձնառութիւնը:
Պետօ Տէմիրճեան ընթերցեց նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը, որուն մէջ ան կը նշէ, որ յիսնամեակը նշանակալից իրադարձութիւն է ոչ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար, այլ նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ Սփիւռքի բազմաթիւ օճախներուն համար: Իր եւ Արցախի ժողովուրդին ու իշխանութեան շնորհաւորանքը յայտնելէ ետք, նախագահ Սահակեան կ՛ընդգծէ, որ Արցախը բարձր կը գնահատէ կաթողիկոսը եւ անոր գործունէութիւնը՝ որպէս հոգեւորական, հասարակական գործիչ եւ հայրենանուէր մարդ՝ աւելցնելով. «Դուք մեծածաւալ ազգանպաստ գործունէութիւն էք իրականացնում կրթական-հայագիտական ծրագրերի, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական կապերի ընդլայնման ու խորացման ուղղութեամբ»՝ դրուատելով այն իրողութիւնը, որ վեհափառը, թէ՛ օրհասական պահուն եւ թէ յաղթական ժամուն, միշտ նեցուկ կանգնած է հայ ազգին՝ իր գործօն աջակցութեամբ:
Ապա, բեմ բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, որ շնորհաւորեց վեհափառին ձեռնադրութեան 50ամեակը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն: Փաշինեան ընդգծեց կաթողիկոսութեան ծառայասիրութիւնը եւ ըսաւ, որ 50 տարուան հոգեւոր ծառայութիւնը գործնականացուցած է «զրուցելով» Աստուծոյ եւ ժողովուրդին հետ, եւ բնական է, որ նման նուիրական անհատ մը վայելէ համատարած վստահութիւն ու յարգանք թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Աւարտին, իր խօսքը ուղղեց կաթողիկոսը, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց իր ձեռնադրութեան համար կազմակերպուած երեկոյին ու ջերմ շնորհաւորանքներուն համար: Հայրապետը ընդգծեց, որ մեր կեանքի իմաստն ու նպատակը չի կրնար ըլլալ այլ բան՝ քան ծառայութիւնը. ան ըսաւ, որ իր 50-ամեայ հոգեւորականի կեանքին մէջ՝ ազդուելով իր նախորդ երեք կաթողիկոսներէն եւ ըլլալով անոնց անջնջելի հետքերով կազմաւորուած, կը մատուցանէ իր ծառայութիւնը: Վեհափառը, իր խօսքը ուղղելով վարչապետի պաշտօնակատարին, ընդգծեց, որ թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին օրերէն իսկ կապ հաստատելով Փաշինեանի հետ՝ շեշտած է յեղափոխութեան հանգուցալուծման առաջնորդող յեղափոխութեան մը վերածելու կարեւորութիւնը, որ պէտք է հետապնդէ մէկ նպատակ՝ Հայաստանի հզօրացում: Անդրադառնալով Սփիւռքին՝ հայրապետը ըսաւ, որ հարկադրաբար Հայաստանէն հեռու ապրած է Սփիւռքը, տագնապած է անոր ցաւերով եւ ուրախացած անոր վերանկախացումը տեսնելով, սակայն մեր ժողովուրդը ոչ միայն կ՛ուզէ տեսնել անկախացած Հայաստանը, այլ՝ Հայաստանը կ՛ուզէ տեսնել Արարատո՛վ:
«Այս հանգրուանին, պէտք է հզօրացնենք Հայաստանը ի խնդիր Մեծ Հայաստանին: Զօրացնենք Սփիւռքը, որպէսզի Հայաստանը աւելի հզօրանայ: Հայաստանը հզօրացնենք, որպէսզի Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ եռամիութիւնը փոխադարձ հասկացողութեամբ, ամբողջական համագործակցութեամբ, դերերու յստակացումով, աշխատանքի բաժանումով, սակայն մէկ ազգի, մէկ հայրենիքի եւ մէկ ապագայի տեսլականով քալենք դէպի ժողովուրդի պայծառ ապագան: Հետեւաբար, իմ սպասումս է, որ Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդի մասնակցութեամբ յառաջացած թաւշեայ յեղափոխութիւնը այս գիտակցութեամբ ու հաւատքով հզօրացնէ մեր հայրենիքը: Կը վստահեցնեմ ձեզի, թէ Սփիւռքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ձեզի հետ է, Հայաստանի հետ է, Արցախի հետ է», եզրափակեց կաթողիկոսը:
Նշենք, որ Նաթան արք. Յովհաննէսեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսութեան անունով վեհափառին նուիրեց յուշանուէր մը՝ Ս. Էջմիածնի ոսկեձոյլ խաչի մանրակերտը, իսկ վեհափառը Նիկոլ Փաշինեանին նուիրեց Բարձր բերդի ձեռագիր աւետարանին կրկնօրինակը:
Յայտնենք, որ ճաշկերոյթէն առաջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Անթիլիասի Մայրավանքի եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Սրբոց Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, ներկայութեամբ վեհափառին եւ միաբանութեան: