
ԱՀ ԱԺ Խմբակցութիւնները ՀՀ Իշխանութիւններէն Կը Պահանջեն Կասկածի Տակ Չդնել Արցախի Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքը
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորապէս կը նշուի․
«Քանի մը օրէն պիտի լրանայ Արցախի Հանրապետութեան 120 հազար բնակչութիւնը ազրպէյճանի կողմէն շրջափակելու 100 օրը: Արհամարհելով Արցախի ապաշրջափակման վերաբերեալ Հաագայի միջազգային դատարանին որոշումը՝ ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը ուժի սպառնալիքով եւ կիրառումով կը շարունակէ Արցախը հայաթափելու քաղաքական ուղեգիծը:
Արցախի Հանրապետութիւնը իրեն բռնակցելու մտադրութեան մէջ ազրպէյճանը չի խորշիր հակամարդկային միջոցներէ եւ ահաբեկչական գործողութիւններէ: Բնական կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խափանումները, խաղաղ բնակչութեան ահաբեկումն ու ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները, իսկ վերջերս ալ՝ Մարտ 5-ին, իրենց ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ ոստիկանները գնդակահարելու փաստը կու գան ապացուցելու, որ նման պայմաններու մէջ անընդունելի են ուղիղ երկխօսութեան մասին խօսակցութիւնները:
Միեւնոյն ժամանակ, համոզուած ենք, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, իբրեւ միջազգային օրակարգի հարց, պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով համապատասխան միջազգային կառոյցներու միջնորդութեամբ ու երաշխիքներով, մասնաւորապէս, այդպիսի լիազօրութեամբ օժտուած Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ներգրաւումով:
ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը քարոզչական տարբեր հնարքներով կ՝ապատեղեկացնէ սեփական հանրութիւնն ու միջազգային կառոյցները՝ նպատակ ունենալով Արցախի ժողովուրդին դէմ կիրառուող մարդկայնական ճնշումներու եւ ահաբեկումներու պայմաններուն մէջ պատրանք ստեղծելու «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի մասին:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները, արտայայտելով ժողովուրդին կամքն ու դիրքորոշումը, կը պահանջեն Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն հաւատարիմ մնալ ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի 1992թ. Յուլիս 8-ի որոշման եւ կասկածի տակ չդնել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:
Արցախի խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները կը վերահաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը մեր ժողովուրդին կամքը արտայայտող հիմնարար փաստաթուղթերուն եւ պիտի շարունակեն առաջնորդուիլ անոնցմէ բխող գաղափարներով եւ սկզբունքներով:
«Ազատ հայրենիք- ՔՄԴ» խմբակցութիւն
«Միասնական հայրենիք» խմբակցութիւն
«Արդարութիւն» խմբակցութիւն
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն
«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւն
13 Մարտ, 2023թ.
ք. Ստեփանակերտ»։