«Մեր Թիւը Լա՜ւ Նուազեցաւ, Եկէ՛ք Պահպանենք Մեր Գիւղը»․ Երկրաշարժէն Աւերուած Հայկական Գիւղի Գիւղապետ

Աշխարհ, Էրկիր

Օրալ Չալըշլար

Նախ Թաթիոսին զանգահարեցի։ Անոր ընտանիքը կ՝ապրի Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին՝ Վաքըֆի մէջ։ Կը պարզուի՝ մարդկային կորուստ չեն ունեցած։ Վաքըֆը գիւղ մըն է, որ ենթակայ է Հաթայ նահանգի Սամանտաղ գաւառին։ Խօսեցայ գիւղապետ Պերճ Քարթունի հետ։ Գիւղը լիովին աւերուած է։ Երկրաշարժէն շատ ազդուած 30 կիներն ու երեխաները ուղարկած են Պոլիս։ Որոշ մարդիկ գացած են Իսքենտերուն։ Գիւղապետ Քարթունը կը պատմէ իրերու դրութեան մասին․ «Այս գիւղին թիւը հետզհետէ կը նուազի։ Երկրաշարժը մեծ աւեր գործեց։ Այս գիւղի չանհետանալուն համար անհրաժեշտ է պետութեան աջակցութիւնը․․․»։

Քարթունը նշելով, որ թէեւ Վաքըֆի մէջ մահեր չեն եղած, սակայն երկրաշարժի գօտիին մէջ հայկական համայնքէն ընդհանուր զոհուած է 9 հայ, որոնց 6-ը կ՝ապրէր Հաթայի մէջ, իսկ 3-ը՝ Մալաթիոյ, կ՝աւելցնէ․ «Ժամը 04։30-ի կողմերը, երբ երկրաշարժը սկսաւ, ես եւ ընտանիքս տունէն մինչեւ ճանապարհ հասանք, այսինքն՝ 150-200 մեթր վազեցինք, երկրաշարժը դեռ կը շարունակուէր։ Առաջին օրը այսչափ վնաս չունեցանք, որքան՝ այսօր։ Վերջին, այսինքն՝ երրորդ երկրաշարժին ժամանակ կեդրոնին մօտ կը գտնուէինք։ Վերջինը թէեւ կարճ տեւեց, բայց բաւական արագ էր։ Այդ վերջին երկրաշարժին ժամանակ մեր տուները լաւ աւերուեցան։

35 տուն բնակչութիւն ունինք, 130-ի չափ բնակիչ։ Երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ մօտ 30 հոգի Նորին վեհափառութիւն Պատրիարք Մաշալեանի ուղարկած հանրակառքով Պոլիս տեղափոխուեցան։ 20 հոգի ալ Իսքենտերուն գացին, իրենց մտերիմներուն մօտ։ Անոնց մեծ մասին հոգեկան վիճակը խաթարուած էր։ Այն, որ ի սկզբանէ այստեղ օթեւանելու վրաններ չկային, շատ կը բարդացնէր այստեղի կեանքը։

Կարպիսի թէյարանին մէջ վրանի տակ տեղ մը պատրաստեցինք, որ նման էր նախաճաշելու փոքրիկ սրահի։ 3 օր շարունակ աթոռներու վրայ պառկելով, ցուրտէն դողդողալով՝ անցուցինք մեր գիշերները։ Վախէն այլեւս չկրցանք տուներ մտնել։ Լաւ է, որ չենք մտած։ Երրորդ երկրաշարժին ժամանակ եթէ տուն վերադարձած ըլլայինք, մարդկային կորուստ պիտի ունենայինք։ Գիւղին մէջ 15 տուն մեծ վնաս կրեց։

Քանի մը շէնք կանգուն մնաց՝ մանր-մունր ճաքեր տալով։ Եկեղեցին էապես վնասուեցաւ։ Քիչ առաջ Քատըքիոյի շրջանի կառավարիչ Շերտիլ Տարա Օտապաշըի հետ շրջեցանք, պարզուեցաւ, որ եկեղեցին լիովին աւերակ վիճակի մէջ է։ Ներկայիս մօտ 25 վրան ունինք։ Նոյն վայրին մէջ՝ Կարպիսի թէյարանը կը նախաճաշենք, կը ճաշենք եւ կ՝ընթրենք։ Ողջ մնան՝ ամէն տեղէ օգնութիւն կը հասնի։ Բարերարներուն շատ շնորհակալութիւն կը յայտնենք։ Փառք Աստուծոյ, 4 օր ետք օգնութիւնը ջուրի պէս հոսեցաւ։

Մնացեալը պետութենէն կ՝ակնկալենք։ Աւիրուած տուները ինչպէ՞ս պիտի վերականգնուին։ Պետութեան կողմէ դրամական աջակցութեա՞մբ, թէ՝ այլ ուղիներով։ Պէտք է ամեն բան ընենք, որպէսզի կանխենք մարդոց՝ այս գիւղը լքելը։ Ատոր համար նախ եւ առաջ պէտք է կացարանի խնդիրը լուծել։

120 հոգի մնացած է

Գիւղի բնակչութեան թիվը նուազած է եւ դարձած 120 հոգի։ Չենք ուզեր այդ թիւն ալ կորսնցնել։ Ջանքեր կը գործադրենք, լուծումներ կ՝որոնենք Թուրքիոյ մէջ մնացած միակ հայկական գիւղը կանգուն պահելու նպատակով։ Ամէն այցելուէ աջակցութիւն կը խնդրենք գիւղը պահպանելու համար։ Շատ մեծ աղէտ ապրեցանք։

Այսպէս չի կրնար շարունակուիլ։ Ինչպէս իմ գիւղի, այնպէս ալ Հաթայի՝ հնարաւորինս արագ վերականգնման համար պէտք է ջանքեր ցուցաբերենք։ Հաթայը քաղաքակրթութիւններու քաղաք էր։ Պէտք է Հաթայի նախկին գեղեցկութիւնը վերականգնենք եւ վերստին կեանք հաղորդենք անոր։ Ողջ ըլլան։ Ըլլայ մեր նախագահը, թէ հրամանատարները՝ մեզի մինակ չեն ձգեր։ Երախտապարտ ենք բոլորին»։

https://www.posta.com.tr/yazarlar/oral-calislar/depremle-yikilan-ermeni-koyunun-muhtari-sayimiz-iyice-azaldi-bu-koyu-yasatalim-2616491

Թրգերէնէ թարգմանեց Մելինէ Անումեանը («ԱԿՈՒՆՔ»)

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը