
Մարտ 11-ին «Միւզիքըլ Արմինիա» 38-րդ Համերգը՝ Նիւ Եորքի Մէջ
«Միւզիքըլ Արմինիա»-ի 38-րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Շաբաթ, Մարտ 11-ի երեկոյեան, Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Քարնըկի» սրահին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ը։
Ելոյթ պիտի ունենայ «Նաղաշ» խումբը, որ կը ներկայացնէ 15-րդ դարաշրջանի հոգեւոր գործեր եւ մեղեդիներ։
Խումբը կր կրէ, այդ տարիներու բանաստեղծ Նաղաշ Մկրտիչի անունը եւ ղեկավար Ճոն Հոտեան (դաշնամուր), իր կողքին ունի Յասմիկ Պաղտասարեան (սոփրանօ), Տաթեւիկ Մովսէսեան (սոփրանօ), Արփինէ Տէր Պետրոսեան (ալթօ), Յարութիւն Չքոյեան (տուտուկ), Էմմանուէլ Յովհաննիսեան (տուտուկ), Արամայիս Նիկողոսեան (ուտ) եւ Տիգրան Յովհաննիսեան (տուտուկ)։
«Միւզիքըլ Արմինիա», որ 1982-ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով, նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու տարածման սատարելու։ Անցնող տարիներուն, ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի ու հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսեր գնելու համար՝ հեռաձայնել Ազգային Առաջնորդարանին ․- 212-689-7810։