
«ԼՂ Հարցը Պէտք է Ներառնուի Հայ-ազրպէյճանական Խաղաղութեան Պայմանագրին մէջ»․ Հրւ. Կովկասի Մէջ Ամերիկացի Նոր Դեսպանը Հակադարձած է Փաշինեանին
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ, Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերով ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի աւագ խորհրդական Լուիս (Լու) Պոնոն հակադարձած է Նիկոլ Փաշինեանին եւ յայտարարած, որ ԼՂ-ի հարցը պէտք է ներառուի հայ-ազրպէյճանական «խաղաղութեան պայմանագրին մէջ»:
«Կայուն, երկարատեւ եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան պայմանագիր ունենալու համար անիկա պէտք է ներառնէ Լեռնային Ղարաբաղը, եւ մենք յանձնառու ենք ատիկա աւարտին հասցնելու: Մենք կը գիտակցինք անոր կարեւորութիւնը: Նախ եւ առաջ, Լեռնային Ղարաբաղը պիտի ըլլայ խաղաղ գործընթացին մէկ մասը: Կը կարծեմ, որ երկու կողմերն ալ ատիկա ճանչցած են»,- ըսած է ամերիկացի դիւանագետը՝ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Օրեր առաջ Գերմանիա գտնուող Նիկոլ Փաշինեանը, այցելելով Արտաքին քաղաքականութեան գերմանական խորհուրդ, ելոյթ ունեցած էր «Անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ. Հայաստանի հեռանկարը» թեմայով քննարկման ընթացքին, եւ յայտարարած.
«Հայաստանը համաձայնած է տարանջատել ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորումը հայ-ազրպէյճանական գործընթացէն՝ այն տրամաբանութեամբ, որ Ստեփանակերտի եւ պաքուի միջեւ պիտի ձեւաւորուի քննարկումներու միջազգային մեքենականութիւն։ Հայաստանի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն անվտանգութեան եւ իրաւունքներու խնդիրներու լուծման ուղղուած երաշխիքային մեքենականութեան ստեղծումը, որ պիտի ունենայ միջազգային տեսանելիութիւն եւ ներգրաւուածութիւն»,- ըսած էր ան։