Եթէ Ոեւէ Մէկը ազրպէյճանի Հետ Ընդելուզուելու Հարց Բարձրացնէ, Ատիկա, Լաւագոյն Պարագային, Անձնասպանութիւն Կ՝ըլլայ. Բաբայեան

Հայաստան

Ի վերջոյ, պէտք է հասարակութիւնը հասկնայ, լաւ պատկերացնէ իրավիճակը եւ թէ ինչպիսի առաքելութիւն պէտք է իրականացնէ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան:

«Արցախի մէջ չկան մարդիկ, որ իրենց կը տեսնեն ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Մէկ, երկու, երեք հոգի, ըսենք, միամիտ, ծախուած, գնուած ամէն հասարակութեան մէջ ալ կրնան ըլլալ, բայց ընդհանուր հասարակութիւնը, ի հարկէ, չի տեսներ ինքզինք ազրպէյճանի կազմին մէջ. ատիկա ուղղակի խայտառակութիւն պիտի ըլլայ։ Եթէ ոեւէ մէկը ազրպէյճանի հետ ընդելուզուելու հարց բարձրացնէ ու դարձնէ իր ներքաղաքական օրակարգի կէտ, կը կարծեմ, ատիկա անձնասպանութիւն պիտի ըլլայ՝ լաւագոյն պարագային:

Արցախի մէջ հաստատակամ են։ Այո, հաւանաբար, ատիկա շատ բարդ ճանապարհ է, բայց եթէ մենք հաւատարիմ ենք մեր գաղափարներուն, եթէ ունինք ամուր հաւատք առ Աստուած, ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»,- նշած է ան: