Մենք Մեր Անկախութեան Իրաւունքէն, Ինքնորոշման Իրաւունքէն Պիտի Չշեղինք․ ԱՀ Նախագահ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ, Մարտ 6-ին հրաւիրուած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ, որուն մասնակցած են Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերն ու շրջվարչակազմերու ղեկավարները։ Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը։

Նախագահ Յարութիւնեան ցաւակցած է Մարտ 5-ին ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած երեք ոստիկաններու հարազատներուն։

«Նախ, իմ եւ Հանրապետութեան իշխանութիւններուն անունով խորին վշտակցութիւն կը յայտնեմ երեկուան ազրպէյճանական յարձակման զոհ դարձած երեք ոստիկաններու հարազատներուն: Անոնց յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր բոլորի սրտերուն մէջ:

Այսօր հրաւիրած եմ Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ՝ Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու եւ շրջվարչակազմերու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:

Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները տեղեկացուցած եմ, որ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով սոյն թուականի Փետրուար 24-ին եւ Մարտ 1-ին ազրպէյճանական կողմին հետ մարդկայնական եւ ենթակառուցուածքային հարցերու շուրջ կազմակերպուած հանդիպումները արդիւնք չեն տուած: Աւելին, անկէ ետք ազրպէյճանական կողմը իր խողովակներով փոխանցած է մեզի, որ կա՛մ պէտք է ընդունինք ընդելուզման քաղաքականութիւնը, կա՛մ առկայ խնդիրներուն որեւէ լուծում պիտի չըլլայ, հակառակը՝ պիտի ըլլան աւելի կոշտ եւ կտրուկ քայլեր:

Մենք չենք ընդունած, պիտի չընդունինք եւ այսօր կ՝ուզեմ կրկին յայտարարել՝ անիկա միայն Անվտանգութեան խորհուրդի որոշում չէ, այլ մեր ժողովուրդի գերակշիռ մեծամասնութիւնը կ՝ընդունի, որ մենք մեր անկախութեան իրաւունքէն, ինքնորոշման իրաւունքէն պիտի չշեղինք»,- յայտարարած է ԱՀ նախագահը: