Կը Պահանջենք Չստորագրել Արցախը Որեւէ Կերպով ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ճանչնալու Վերաբերեալ Փաստաթուղթ. Յայտարարութիւն

Հայաստան

ՀՀ գործող իշխանութիւններէն կը պահանջենք յստակօրէն հրաժարիլ Արցախը որեւէ կերպ ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու վերաբերեալ ցանկացած փաստաթուղթ ստորագրելէ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած են «Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հրամայականը» գիտագործնական համաժողովի համակազմակերպիչները:

«Մենք՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ, 2023 թ․ Փետրուար 24-ին եւ 25-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հրամայականը» գիտագործնական համաժողովի համակազմակերպիչներս, հիմք ընդունելով համաժողովի ակադեմիական զեկուցումներուն եւ գործնական ելոյթներուն մէջ տեղ գտած գաղափարները, փաստարկներն ու գիտական հիմնաւորումները, կ՝արձանագրենք․

  • Արցախը երբեք չէ եղած անկախ ազրպէյճանի կազմին մէջ, աւելին՝ Արցախի Հանրապետութիւնը կայացած պետութիւն է։ Պատմականօրէն Լեռնային Ղարաբաղը հազարամեակներ եղած է հայկական տարածք, իսկ 1918-20 թուականներուն, երբ ազրպէյճանը առաջին անգամ իր նկրտումները ցուցաբերած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքներուն հանդէպ, միջազգային բոլոր զեկոյցներուն մէջ անիկա աներկբայօրէն ճանչցուած է իբրեւ հայերով բնակեցուած տարածք, եւ միայն խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք՝ ներքին վարչատարածքային բաժանմամբ՝ բռնակցուած է Խորհրդային ազրպէյճանին, նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ ունենալով ինքնավար մարզի կարգավիճակ։ Արցախի անկախացման հիմքին մէջ խորհրդային օրէնքները համապատասխանած են միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն՝ ընձեռելով ժողովուրդներու ինքնորոշման հաւասար իրաւունք։ Արցախի անկախացման փաստական հիմքերը եղած են ոչ միայն Արցախի ցեղական, տարածքային, ընկերային-մշակութային, տնտեսական, պատմական ինքնուրոյնութիւնը, այլ առաջին հերթին անոր ժողովուրդի՝ ազրպէյճանի կողմէ ցեղասպանութեան չենթարկուելու գոյաբանական անհրաժեշտութիւնը։ Միջազգային հանրութիւնը երբեք չէ արտայայտած իրաւաքաղաքական դիրքորոշում առ այն, որ Արցախը պէտք է ներառուի ազրպէյճանի կազմին մէջ, իսկ 2007 թ․ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէն առաջարկուած է, եւ 2009թ․ Հայաստանի ու ազրպէյճանի կողմէ իբրեւ բանակցային հիմք ընդունուած են Մատրիտեան սկզբունքները, որոնցմով տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի հետ միասին իբրեւ բանակցային հիմք կը հաստատուէր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը։ Արցախի Հանրապետութեան կայացման միջազգային իրաւական հիմքերը անառարկելի են, եւ անոնցմէ որեւէ նահանջ թուլատրելի չէ։
  • Արցախի հարցը հայութեան գոյութենական խնդիրներու փաթեթէն դուրս դիտարկելը թուլատրելի չէ։ Արցախը ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալը, առաւել եւս ատիկա իրաւաբանական որեւէ փաստաթուղթով ամրագրելը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման պայքարէն հրաժարիլը ոչ թէ պիտի երաշխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը, այլ ճիշդ հակառակը՝ պիտի դառնայ հայոց պետականութեան կործանման, հայ ժողովուրդի ցեղասպանման գործընթացին անշրջելիութիւն հաղորդող հերթական ողբերգական հանգրուանը, քանզի ազրպէյճանը չի թաքցներ իր ցեղասպան նկրտումները ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ, եւ իր բազմաթիւ ատելապաշտ գործողութիւններով ու հռետորաբանութեամբ կը մերժէ հայ ժողովուրդի գոյութեան բուն իրաւունքը սեփական պատմական հայրենիքին մէջ։
  • Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման քաղաքական, դիւանագիտական մեքենականութիւններն ու հնարաւորութիւնները ամենեւին սպառած չեն։ Իրաւաքաղաքական տեսանկիւնէ սնանկ են իշխանական քարոզչամեքենային կողմէ սփռուող այն պնդումները, թէ իբր անկախացումէն ի վեր, դեռ 1991 թ. Դեկտեմբեր 21-ի Ալմա-Աթայի հռչակագիրով Հայաստանը ճանչցած է ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառելով Արցախը վերջինիս կազմին մէջ։ Նոյն կերպ կեղծ ու անհիմն են այն պնդումները, թէ միջազգային հանրութիւնը Արցախը կը տեսնէ ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Միջազգային հանրութիւնը մեզի չի շտապեցներ ազրպէյճանի հետ կնքելու այնպիսի «խաղաղութեան պայմանագիր», որուն պիտիյհաջորդեն ազրպէյճանի նոր յարձակումը, անհիմն տարածքային պահանջները, աննկարագրելի ծաւալի ռեպարացիաները, որոնց գինը պէտք է վճարէ ողջ հայ ժողովուրդը, եւ որոնց արդիւնքը պիտի դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան կորուստը եւ փաստացի կործանումը։ Մինսկի խումբի համանախագահ պետութիւնները, թէեւ ունին աշխարհաքաղաքական լուրջ տարաձայնութիւններ, այնուամենայնիւ ԼՂ խնդրի կարգաւորման հարցով մինչ օրս ալ կը պահպանեն ընդհանուր, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ հիմնուած հաւասարակշռուած դիրքորոշում, եւ համանախագահ բոլոր երեք պետութիւններն ալ 2020թ․ 44-օրեայ պատերազմէն ետք յստակ դիրքորոշում յայտնած են առ այն, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը փակուած չէ։ Բերձորի միջանցքի շրջափակման վերաբերեալ բազմաթիւ պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու յայտարարութիւնները եւս կ՝ապացուցեն, որ միջազգային հանրութեան համար ընկալելի է, որ Արցախի ինքնորոշումը ամենեւին ալ անջատողականութեան հարց չէ։ Անիկա կը տարբերի տարբեր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ ժամանակ առ ժամանակ ծագող ազգային ինքնորոշման իրաւունքի իրացման նախաձեռնութիւններէն․ ասիկա ֆիզիքական գոյատեւման, ցեղասպանութիւնը կանխելու միակ իրատեսական փրկութեան ուղին է։ Միջազգային դերակատարներու համար ընդունելի ու հասկնալի պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուող բոլոր այն բանակցային նախապայմանները (Շուշիի, Հադրութի, Արցախի Հանրապետութեան այլ տարածքներու վերագրաւում, փախստականներու վերադարձ, միջնորդային առկայ ձեւաչափի վերականգնում կամ նոր ձեւաչափի ստեղծում, 2020թ․ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ ազրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարում եւ այլն), որոնք պիտի չեզոքացնեն բանակցային գործընթացը նոր անձնատուութեան ակտով դադրեցնելու ազրպէյճանի նկրտումները։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նաեւ հնարավորութիւն ունի միջազգային դատական ատեաններու մէջ բազմաթիւ գործերով ազրպէյճանին պատասխանատւութեան կանչելու՝ կատարած ռազմական, ցեղասպան ու այլ մարդատեաց յանցագործութիւններուն համար, ատով ա՛լ աւելի ամրապնդելու սեփական բանակցային դիրքերը։ Հայկական սփիւռքը այսօր ալ ունի չիրացուած լոպպինկային մեծ հնարաւորութիւններ, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններուն ուղեգիծը կը հակասէ նաեւ սփիւռքահայ կառոյցներու գործունէութեան շարունակական տրամաբանութեան եւ կը զրկէ անոնց անհրաժեշտ արդիւնաւէտութենէ, ինչպէս նաեւ խզում կ՝առաջացնէ օտարերկրեայ դիւանագիտական որոշումներու ընդունման կեդրոններուն մէջ՝ միասնական հայկական դիրքորոշումը ընկալելու հարցին մէջ։
  • Արցախի Հանրապետութեյան միջազգային ճանաչման աջակցիլը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ վերամիաւորուելու հեռանկարով, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու սահմանադրական պարտականութիւնն է։ Անիկա կը բխի ՀՀ Անկախութեան հռչակագիրէն եւ Սահմանադրութենէն։ Սահմանադրական այս պարտականութենէն փաստացի հրաժարիլը ոչ միայն անօրինական է, այլ նաեւ դաւաճանութիւն է հայ ժողովուրդի կենսական շահերուն նկատմամբ եւ անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ իրաւական ու քաղաքական պատասխանատուութեան։
  • Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման համար պայքարը հայ ժողովուրդի առանցքային առաքելութիւնն է։ Այդ պայքարը պէտք է նոր շունչ ստանայ, դուրս բերուի ներքաղաքական հակասութիւններու եւ աշխարհաքաղաքական նախընտրութիւններու տրամաբանութենէն։ Այսօր երիտասարդ սերունդի զգալի մասին մօտ դրսեւորուող անտարբերութիւնը Արցախի ճակատագրին հանդէպ պէտք է եւս յաղթահարուի, անիկա պէտք է անմիջապէս կապուի քաղաքացիական պատասխանատուութեան եւ կենսունակ հայրենիք ունենալու հրամայականին հետ։ Թէ՛ համակազմակերպիչները, եւ թէ՛ անոնց գաղափարները կիսող բոլոր կառոյցները ուղիղ պարտականութիւն ունին՝ վերականգնելու մեր երիտասարդութեան վճռականութիւնը ազգային-ազատագրական պայքարը տրամաբանական աւարտի հասցնելու նկատմամբ եւ պարտաւոր են հնարաւոր առաւելագոյնը ընելու՝ ներգրաւելու մեր երիտասարդութիւնը այդ պայքարին մէջ։

Մեկնելով վերոնշեալէն՝

  • վճռական ենք՝ հասու բոլոր միջոցներով Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւնները ետ պահելու Արցախի հարցով վարուող հակաօրինական եւ կործանարար քաղաքականութենէն,
  • ՀՀ գործող իշխանութիւններէն կը պահանջենք յստակօրէն հրաժարելու Արցախը որեւէ կերպով ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու վերաբերեալ ցանկացած փաստաթուղթ ստորագրելէ,
  • այս առումով կ՝ակնկալենք հայրենիքի ճակատագրով մտահոգ մեր բոլոր հայրենակիցներու եւ կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը, եւ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքահայ բոլոր հասարակական ու քաղաքական ուժերուն կոչ կ՝ընենք միասնական ճակատ ձեւաւորելու Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման օրակարգին շուրջ։

«Համախմբում» շարժում «5165 շարժում»

«Արար» հիմնադրամ

«Ջենեսիս Արմենիա» հիմնադրամ

«Այլընտրանքային նախագծեր» խումբ

Քաղաքագետների հայկական ասոցիացիա

«Կոնցեպտուալ հարթակ» նախագիծ

Գիւմրու «Ազգային արժէք ակումբ»