Թուրքիոյ Երկրաշարժերուն Հետեւանքով Թեթեւ Վնասուած է Կոմմագենէի Հայոց Թագաւորութեան Մայրաքաղաք Արսամեան
Մարաշի մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժերէն վնասուած են նաեւ Ատըեամանի որոշ պատմական կոթողներ։ Անոնց շարքին է Ծոփքի եւ Կոմմագենէի միացեալ հայկական պետութեան արքա Արշամ Երուանդունիի կողմէ հիմնադրուած Արսամեան, որմէ վնասուած են ժայռափոր շինութիւններ։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Ատըեաման նահանգի Քահթա գաւառի կառավարիչ Սելամի Քորքութաթան թրքական NTV հեռուստաընկերութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ երկրաշարժերէն ետք մասնագէտները այցելած են Նեմրութ լերան շրջան, որպէսզի ճշտեն՝ արդեօք պատմական կոթողները վնասուա՞ծ են բնութեան արհաւիրքէն, թէ՝ ոչ։

Գաւառապետը շեշտած է, որ Նեմրութ լերան վրայ գտնուող դամբարանաբլուր-սրբավայրը չէ տուժած, սակայն նոյն գաւառին մէջ գտնուող Արսամեա հինաւուրց քաղաքին մէջ որոշ ժայռափոր կառոյցներու վրայ արձանագրուած են թեթեւ վնասներ։ Բայց եւ այնպէս, այդ վնասները էական չեն։
Յիշեցնենք, որ Եփրատի աջակողմեան վտակ Քահթա գետի վերին աւազանին մէջ գտնուող Արսամեան հիմնադրուած է Կոմմագենէի եւ Ծոփքի թագաւոր Արշամ Երուանդունիի կողմէ, ՔԱ 3-րդ դարու 40-ական, 30-ական թուականներուն։ 1950-ական թուականներուն կատարուած պեղումներուն իբրեւ արդիւնք Արսամեայի մէջ յայտնաբերուած են հելլենիստական ժամանակաշրջանի պաշտամունքային յուշարձաններ։
Արսամեայի մասին աւելի մանրամասն՝ տեսանիւթով․
