Մալաթիոյ Մէջ 150-200 Տարի Առաջ Հայ Վարպետներու Կառուցած Տուները Երկրաշարժէն Գրեթէ Չեն Վնասուած

Աշխարհ, Էրկիր

Մալաթիոյ հին հայկական թաղամասի տուները գրեթէ չեն վնասուած Փետրուարին Թուրքիոյ մէջ գրանցուած ուժգին երկրաշարժերէն։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, Մալաթիայէն հաղորդած է Ֆըրաթ Սարոյեանը։

Facebook-ի իր էջին մէջ, թեմային վերաբերեալ, գրառում կատարած Սարոյեանը նաեւ նշած է, որ Մալաթիոյ մէջ 150-200 տարի առաջ հայ վարպետներուն կողմէ կառուցուած աղիւսէ տուները կանգուն մնացած են այն պարագային, երբ նորակառոյց շինութիւններուն մեծ մասը փլած է։

Akunq.net