«Մենք Կը Յիշենք Սումգայիթը». ԱՄՆ-ի Մէջ ՀՅԴ Երիտասարդները ազրպէյճանի Դեսպանատան Փողոցը Փակած են
Ի յիշատակ 1988թ. Փետրուար 27-29 Սումգայիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած զանգուածային հայկական ջարդերուն՝ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Երիտասարդական միութեան անդամները փակած են ազրպէյճանի դեսպանատան փողոցը եւ կանգնեցուցած՝ այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» մասին իրազեկման ցոյց իրականացնող գովազդային վահանակներով փողոցներուն մէջ շրջող մեքենան: Այս մասին կը հաղորդէ arfd.am կայքը։
Ցուցարարներու ձեռքին եղած են անգլերէնով պաստառներ. «Նախագահ Պայտըն դադրեցուր ԱՄՆ օգնութիւնը ազրպէյճանին», «Արցախն ուժեղ է», «Նախագահ Պայտըն, կանգնեցուր հայկական երկրորդ ցեղասպանութիւնը» եւ այլն:
Ցուցարարները վանկարկած են. «Մենք կը յիշենք Գուրգէն Մարգարեանը». «Հայաստանը խաղաղութիւն կ՝ուզէ, ալիեւը՝ Երեւանը», «Արցախը Հայաստան է», «Մենք կը յիշենք Սումգայիթը»:
