Արցախի Շրջափակումով ազրպէյճանը Կը Ձգտի Արցախի Ժողովուրդը Զրկել Հայրենիքէ եւ Ի Վերջոյ՝ Ոչնչացնել. Արցախի ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Այսօր կը լրանայ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենաողբերգական ու հրէշաւոր էջերէն մէկուն՝ Սումգայիթի ջարդերուն 35-ամեակը։ 1988 թուականի Փետրուար 27-29՝ պաքուէն ընդամէնը 40 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սումգայիթ քաղաքին մէջ, ազրպէյճանական իշխանութիւններուն յանցաւոր արտօնութեամբ եւ նոյնիսկ ցուցմունքով, տեղի ունեցան քաղաքի հայ բնակչութեան զանգուածային  ջարդերը, որոնք կ՝ուղեկցուէին սպանութիւններով, խոշտանգումներով եւ այլ վայրագութիւններով: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի ԱԳՆ-ն:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի.

«Ջարդարարներուն խումբերը, զինուած սրածայր մետաղեայ ձողերով, կացիններով, մուրճերով եւ ինքնաշէն այլ միջոցներով, քաղաքի իրաւապահ մարմիններուն լիարժէք անտարբերութեան պայմաններուն մէջ, կը ներխուժէին հայերու բնակարանները եւ անհաւանական դաժանութեամբ հաշուէհարդար կը տեսնէին անմեղ մարդոց հետ։ Բռնութեան քանի մը օրերուն ընթացքին՝ սպաննուեցան տասնեակ հայեր, հարիւրաւորները ենթարկուեցան դաժան ծեծի եւ խոշտանգումներու, հազարաւորները՝ բռնի տեղահանուեցնն։ Հայերուն հանդէպ ատելութեան մթնոլորտը կը սնուցուէր հանրահաւաքներուն ժամանակ հնչեցուող հակահայկական կարգախօսերով եւ բռնութեան կոչերով։ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած յանցաւոր այդ գործողութիւններուն նպատակն էր՝ վախի մթնոլորտ ստեղծել եւ ատով իսկ ճնշել Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան խաղաղ պահանջները։