Բերձորի Միջանցքով Ազատ Երթեւեկութիւնը Բոլոր Փոխադրամիջոցներուն Համար Պէտք է Արագ Վերականգնուի․ ԵԽԽՎ Համազեկուցողներ
Բերձորի միջանցքին շուրջ ստեղծուած եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին իրավիճակը գնահատելու նպատակով Փետրուար 17-19 Հայաստան կատարած այցէն ետք՝ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի վերահսկման համազեկուցողներ Գիմմօ Գիլիւնենը (Ֆինլանտա) եւ Պորիանա Օպերկը (Շուէտ) հանդէս եկած են յայտարարութեամբ:
Վկայակոչելով ԵԽԽՎ կայքէջը, Armenpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ համազեկոցողները ընդգծած են, որ իրավիճակը Բերձորի միջանցքին վրայ կը պահանջէ անյապաղ գործողութիւններ։
«Այսօրուան դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները չեն կրնար ազատ դուրս գալ այնտեղէն, եւ, ինչպէս տեղեկացուցած են մեզի, 954 մարդ դեռ մնացած է միջանցքի երկու կողմերը։ Այս միջանցքով կ՝արտօնուի տեղաշարժիլ միայն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու մեքենաներուն, որ ակնյայտօրէն բաւարար չէ բնակչութեան կարիքները բաւարարելու համար։
Աւելին, կենսական նշանակութիւն ունի, որ ապրանքները ժամանակին հասնին ցանքի եղանակին։ Բոլոր փոխադրամիջոցներուն ազատ երթեւեկութիւնը պէտք է արագ վերականգնուի՝ համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեան»- նշած են համազեկուցողները։
Բացի այդ, ըստ ԵԽԽՎ համազեկուցողներուն, Լեռնային Ղարաբաղի կազամատակարարման եւ ելեկտրամատակարարման բազմակի ընդհատումները յանգեցուցած են բնակիչներու իրաւունքներուն լուրջ խախտումներու. բազմաթիւ մարդիկ արդէն կորսնցուցած են աշխատանքը, իսկ երեխաները զրկուած են կրթութենէ, քանի որ դպրոցները ստիպուած եղած են փակել։
«Կը յիշեցնենք ազրպէյճանի հարցով համազեկուցողներու հետ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 16-ի մեր համատեղ յայտարարութիւնը, ուր կոչ եղած էր վերականգնելու Բերձորի միջանցքով տեղաշարժելու ազատութիւնը, եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի որոշումը, ըստ որուն կոչ եղած էր ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ձեռնարկելու բոլոր միջոցները «Բերձորի միջանցքով» անվտանգ երթեւեկութիւնը ապահովելու համար, մասնաւորապէս՝ «բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող ծանր հիւանդ մարդոց եւ ճանապարհին դժուար կացութեան մէջ յայտնուած այլ մարդոց»։ Մենք նաեւ ի գիտութիւն կ՝ընդունինք Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թուականի Փետրուար 22-ի որոշումը, ուր կը նշուի, որ «ազրպէյճանը պէտք է ձեռնարկէ իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները՝ ապահովելու մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով՝ երկու ուղղութիւններով»։ Մենք կը հրաւիրենք Վեհաժողովի բոլոր անդամները այս իրավիճակը հասցնելու իրենց համապատասխան ազգային խորհրդարաններուն ուշադրութեան եւ միանալու Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակումը անյապաղ դադրեցնելու մեր կոչին»,- նշած են համազեկուցողները։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ ազրպէյճանի սահմանին տիրող իրավիճակին, ԵԽԽՎ համազեկուցողները ուսումնասիրած են Ջերմուկ քաղաքի եւ Սոթք գիւղի մէջ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն վրայ ազրպէյճանական զօրքերու յարձակումներուն հետեւանքները։
«Արձանագրեցինք, որ քաղաքացիական գօտիներու վրայ կասետային զինամթերքի կիրառման ապացոյցները հաւաքուած եւ պահպանուած են յետագայ փորձաքննութեան համար։ Մեզի ցոյց տուին ազրպէյճանական ռազմական դիրքերուն առկայութիւնը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս, երբեմն վիճելի սահմանագիծէն շատ հեռու»,- նշած են ԵԽԽՎ համազեկուցողները։
Անոնք բարձր կը գնահատեն սահմանին Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան ծաւալումը՝ նշելով նախորդ առաքելութեան զգալի շօշափելի արդիւնքները լարուածութեան նուազեցման գործին մէջ։
«Մենք կոչ կ՝ընենք երկու կողմերուն առաջ մղելու սահմանի սահմանազատման շուրջ քննարկումները եւ համաձայնելու սահմանէն զօրքերու հայելային յետքաշման մասին՝ իբրեւ վստահութեան ամրապնդման անյապաղ քայլ։ Մենք մեր եզրակացութիւններուն մասին պիտի յայտնենք ԵԽԽՎ վերահսկող կոմիտէին՝ անոր յաջորդ նիստին։ Մենք, նախկինի պէս, խիստ ուշադիր կը վերաբերինք ապագայ իրադարձութիւններուն եւ կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը խորհրդարանական մակարդակով ցուցաբերելու այն ողջ քաղաքական աջակցութիւնը, որ անհրաժեշտ է երկարաժամկէտ խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար»,- եզրափակած են ԵԽԽՎ համազեկուցողները։
Համազեկուցողները իրենց այցին ընթացքին այցելած են Ջերմուկ, Գորիս եւ Վարդենիս քաղաքներ եւ մօտակայ տարածքներ, ինչպէս նաև Բերձորի միջանցքին մուտքը՝ հայկական կողմէն: Անոնք հանդիպած են Բորձորի միջանցքի շարունակուող շրջափակման պատճառով Գորիսի մէջ արգելափակուած տեղի պաշտօնեաներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու հետ։
