Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը Սահմանագիծ է, Որմէ Այն Կողմ Չենք Կրնար Անցնիլ. Բագրատ Սրբազան (տեսանիւթ)

Հայաստան

Արցախն ու անոր ինքնորոշման իրաւունքը անսակարկելի են։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, Փետրուար 24-ին, «Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հրամայականը» խորագիրով գիտագործնական համաժողովին նշեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան։

Համաժողովին մեկնարկը տրուեցաւ Իմաստութեան աղօթքով, որմէ ետք Բագրատ Սրբազանը ներկաներուն փոխանցեց կաթողիկոսին ջերմ գնահատանքը նախաձեռնութեան առիթով։

«Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը անսակարկելի է, եւ ասիկա այն բացարձակ սահմանագիծն է, որմէ այն կողմ չենք կրնար անցնիլ։ Կ՝ուզեմ բոլորս շնորհաւորել այն խիզախումին համար, որ 35 տարի առաջ այս օրերուն կ՝ապրէր մեր ժողովուրդը՝ միտուած ըլլալով Արցախի եւ մեր կեանքի ազատագրութեանը՝ լայն իմաստով»,- ըսաւ Տաւուշի թեմի առաջնորդը։

Ան ընդգծեց՝ մենք կոչուած չենք վերջնականապէս պարտուելու, այլ կոչուած ենք այդ պարտութենէն վեր կանգնելու, սորվելու եւ կերտելու մեր նոր յաղթանակները։