Որ Ծնին Նոր Յակոբ Մանանդեաններ. Մրցոյթ՝ Հայագէտի 150-ամեակին Ընդառաջ
ԵՊՀ Պատմութեան բաժանմունքը կը յայտարարէ գիտական աշխատանքներու մրցոյթ՝ նուիրուած ԽՍՀՄ ակադեմիկոս, ականաւոր հայագէտ եւ պատմաբան Յակոբ Մանանդեանի յիշատակին: Ականաւոր հայագէտի 150-ամեակին ընդառաջ՝ անոր ժառանգի՝ Էլէոնորա Մանանդեանի նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ յայտարարուած դրամաշնորհային մրցոյթով ԵՊՀ Պատմութեան բաժանմունքը նպատակ ունի խրախուսելու երիտասարդ գիտնականներու ուսումնասիրութիւնները հայոց հին եւ միջնադարեան շրջանի պատմութեան ասպարէզին մէջ:
Մեդիամաքսը զրուցած է մրցոյթի կազմակերպչական խորհուրդի անդամներուն հետ եւ կը ներկայացնէ անոր նպատակն ու դիմելու կարգը:
Մրցոյթին գաղափարը՝ իբրեւ այսօրուան մարտահրաւէրի պատասխան
Էլէոնորա Մանանդեան, Յակոբ Մանանդեանի ծոռնուհին, մրցոյթի գաղափարի հեղինակ եւ կազմակերպչական խորհուրդի անդամ
Երբ կը խօսիմ Յակոբ Մանանդեանի մասին, հակառակ որ իր ժառանգն եմ, կը հպարտանամ ու կը փորձեմ արժանի ըլլալ իմ ազգանունին, այդուհանդերձ ինծի համար ամենակարեւորը ոչ թէ իր գիտական ժառանգութիւնն է, ոչ թէ իր ներդրումն է Հայաստանի պատմութեան ուսումնասիրման զարգացման մէջ, այլ այն փաստը, որ 100 տարի առաջ այդ ամբողջ աննկարագրելի փլատակներուն մէջ, երբ որ ընդհանրապէս յոյս կրնար չըլլալ, իրենք կրցան համախմբուիլ ու ստեղծել Երեւանի պետական համալսարանը: Ատով անոնք հիմք դրին ոչ միայն Հայաստանի մէջ կրթութեան եւ գիտութեան զարգացման, այլ նաեւ յետագային անկախ պետականութեան ստեղծման համար, քանի որ անկախութեան հիմքը պէտք է ըլլայ քու ներդրումդ աշխարհի ընդհանուր զարգացման մէջ: Եթէ դուն կարենաս ունենալ ուրոյն դերդ աշխարհի խճանկարին մէջ, այդ ժամանակ կը վաստակես գոյութեան իրաւունք:

Էլեոնորա Մանանդյանը ԵՊՀ պատմության ֆակուլտետի Հակոբ Մանանդյանի անվան լսարանում
Մեզի համար այսօր եւ այստեղ՝ կանգնած ներկայ մեծագոյն մարտահրաւէրին առաջ, այդ է կարեւոր, այդ օրինակը, որ մենք կրնանք ի հեճուկս այս ամբողջ դժուարութիւններուն՝ կրկին ամբողջ ներուժը դնել գիտութեան եւ կրթութեան զարգացման մէջ, եւ այդ ժամանակ կ՝ունենանք ապագայ:
Մրցոյթին գաղափարը ծագեցաւ այդ մտքէն: Գիտութեան եւ կրթութեան զարգացման ուղղութեամբ ուշադրութիւնը սեւեռելու համար որոշեցինք յայտարարել գիտական աշխատանքներու դրամաշնորհային մրցոյթ՝ ուսանողներն ու երիտասարդ գիտնականները խրախուսելով զբաղելու գիտութեամբ:
Զարգացնելով Յակոբ Մանանդեանի հիմնադրած գիտաճիւղերը
Մանրամասնութիւնները՝ այստեղ
