Թուրքիոյ Երկրաշարժին Զոհ Դարձած է Նաեւ Քըրքխանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին
Թուրքիոյ մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին քարէ զոհերէն մէկը դարձած է Հաթայ նահանգի Քըրքխան գաւառի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին։ Այդ մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Պիանեթ» լրատուական կայքէջը։
Աղբիւրին համաձայն՝ 1830-ականներուն կառուցուած եւ 15 տարի անծուխ մնացած Քըրքխանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին վերջին անգամ վերանորոգուած էր 1977 թ․ եւ նախքան երկրաշարժն ալ կը գտնուէր բարձիթողի վիճակի մէջ։

Ըստ «Ակօս» շաբաթաթերթի՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին ենթակայ յիշեալ եկեղեցին 1998 թ․ բռնագրաւուած էր Թուրքիոյ Հիմնադրամներու ընդհանուր տնօրինութեան կողմէ։ Իբրեւ այդ գործողութեան «հիմնաւորում»՝ բերուած էր այն փաստարկը, թէ եկեղեցին այլեւս ծուխ չունի։ Այնուհետեւ, սոյն եկեղեցին փաստացիօրէն գտնուած է լքուած վիճակի մէջ։
Եկեղեցւոյ մասին աւելի մանրամասն տես՝
Թրքերէնէ թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեանը
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
