
Անկախ Հայաստանը Ընտրուած Առաջին Կին Քաղաքապետ Ունի . ՏԻՄ Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքները Հրապարակուեցան
Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփած է Հոկտեմբեր 21-ին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններու նախնկան արդիւնքները;
Էջմիածինի քաղաքապետի ընտրութիւններուն նախնական տուեալներով յաղթած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Տիանա Գասպարեանը:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովէն կը յայտնեն, որ ըստ նախնական տուեալներու Հայաստանի առաջին ընտրուած կին քաղաքապետը ստացած է 8076 ձայն: Երկրորդ տեղը Սուրէն Մուրադեանն է` 3699 ձայնով։
Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքին մէջ քաղաքապետ ընտրուած է ինքնաառաջադրուած թեկնածու Սեւակ Միքայէլեանը, որ Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանի որդին է:
Կապանի մէջ անկուսակցական Գէորգ Փարսեանը յաղթած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու Նարեկ Բաբայեանին:
Արմաւիրի քաղաքապետ ընտրուած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան առաջադրած թեկնածու Դաւիթ Խուդաթեանը:
Հայաստանի 9 մարզերու 49 համայնքներու մէջ Հոկտեմբեր 21-ին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, որոնց մասնակցեցան ընտողներու իրաւունք ունեցողներուն 43.28 տոկոս։
Ղեկավար ընտրող ամենամեծ համայնքներէն Էջմիածինի մէջ քուէարկած է ընտրողներու 34.95 տոկոսը, Արմաւիրի մէջ ընտրողներու 34.62 տոկոսը, Հրազդանի մէջ՝ 36.82 տոկոսը եւ Կապանի մէջ՝ 55.77 տոկոսը: