
Նիկոլ Փաշինեան Լիբանան Այցի Ժամանակ Հանդիպում Ունեցած է ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ Ներկայացուցիչներուն Հետ
Լիբանան կատարած աշխատանքային այցի ժամանակ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 20-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպած է հայ աւանդական կուսակցութիւններու` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Յակոբ Բագրատունիի, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Գալպաքեանի եւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տաքեսեանի գլխաւորութեամբ:
Փաշինեան կարեւոր համարած է Լիբանանի աւանդական հայ կուսակցութիւններու հետ հանդիպումը` Հայաստանի զարգացման, Հայաստան-սփիւռք-Արցախ կապերու սերտացման եւ համահայկական օրակարգի հարցերը քննարկելու առումով: Ան ընդգծած է իր առանձնայատուկ վերաբերմունքը Լիբանանի հայութեան եւ երիտասարդութեան նկատմամբ` շնորհակալութիւն յայտնելով թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ անոնց աջակցութեան եւ աշխոյժ դիրքորոշման համար:
Աւանդական հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կարեւոր նկատած են Նիկոլ Փաշինեանի այցը Լիբանան` նշելով, որ ատիկա պիտի նպաստէ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու յարաբերութիւններու սերտացման: Անոնք ողջունած են Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքով Հայաստանի մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցեած են Լիբանանի հայութեան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Արցախի եւ Հայաստանի հզօրացման ուղղուած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ հայ-լիբանանեան բազմաոլորտ կապերու խորացման:
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը Լիբանանի հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է ներհայաստանեան քաղաքական գործընթացներուն, ընթացիկ իրավիճակին եւ յառաջիկայ զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ ներկայացուցիչները ընդգծած են, որ անհրաժեշտ է պահպանել ժողովրդական միասնութեան, համախմբուածութեան ոգին` կարեւորելով ՀՀ քաղաքական ուժերու միջեւ երկխօսութեան շարունակականութիւնը` ի շահ Հայաստանի յառաջընթացին: Անոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Նիկոլ Փաշինեանին ու ՀՀ կառավարութեան` նոր Հայաստանի զարգացման տեսլականը կեանքի կոչելու գործին:
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը իր կեցավայրին մէջ նաեւ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի հայկական «Ազդակ», «Արարատ» օրաթերթերի գլխաւոր խմբագիրներուն եւ «Սեւան», «Վանայ ձայն» ռատիօկայաններու տնօրէններուն հետ: