Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք՝ Պոսթընի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հինգշաբթի, Փետրուար 16-ին, Մասաչուսէցի մայրաքաղաք՝ Պոսթընի կեդրոնը գտնուող, նահանգային պալատի մուտքին, աւելի քան հարիւր հայորդիներ, կատարեցին խաղաղ ցոյց մը, զօրակցելով Արցախի շրջափակուած քաջարի ժողովուրդին, որ 2020-ին դիմադրելէ ետք ռազմական յարձակումը՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ, այս անգամ զրկուած է սնունդէ, վառելանիւթէ եւ զանազան այլ անհրաժեշտութիւններէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ը։

Ցուցարարները պաստառներով եւ լոզունքներով կը պահանջէին, որպէսզի բացուի այսպէս կոչուած ատրպէյճանցի «բնապահպան»-ներու կողմէ փակուած Արցախը Հայաստանին միացնող միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքը։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող այս հաւաքին, խօսք առին զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։