ՌԴ Խաղաղապահներու Ուղեկցութեամբ Արցախ Հասած է Մարդասիրական Բեռ
Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներուն կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ ՌԴ խաղաղապահներուն կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ կ՝իրականացուի իրադրութեան շուրջօրեայ համակարգում եւ հրադադարի պահպանման վերահսկողութիւն: «Զօրախումբի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ՝ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով (Լաչինի միջանցք – խմբ.) փոխադրամիջոցային երթեւեկութիւնը վերականգնելու հարցով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ պարեկութիւն իրականացուած է Մարտակերտի, Մարտունիի, Շուշիի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին վրայ։ Ապահովուած է մարդասիրական բեռով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մեքենաներու ուղեկցումը Գորիս – Ստեփանակերտ երթուղիով: Ստեփանակերտի մէջ իրականացուած է մարդասիրական շարժում, որուն ծիրէն ներս բազմազաւակ ընտանիքներուն, հաշմանդամ երեխաներ ունեցող ընտանիքներեւն եւ Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակիցներուն տրամադրուած է մթերային փաթէթներ։
«ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի ինժեներասակրաւորական խումբերը կը շարունակեն տարածքներու ականազերծումը։ Օրուան ընթացքին մաքրուած է 0,5 հա տարածք։ Յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է պայթիւնավտանգ մէկ առարկայ:
Ընդհանուր առմամբ, 2020 թուականի Նոյեմբեր 23-էն ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի ինժեներասակրաւորական խումբերը ականներէ եւ արկերէ մաքրած են 2510,1 հա տարածք, 689,5 քմ ճանապարհ, 1940 շէնք, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 26,765 պայթիւնավտանգ առարկայ:
ՌԴ խաղաղապահներու անվտանգութեան ապահովման եւ հնարաւոր միջադէպերու կանխարգիլման նպատակով կը պահպանուի շարունակական փոխգործակցութիւն Հայաստանի եւ ազրպէյճանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
