Երեւանի Մէջ Մեկնարկած է «Եւրասիական Շաբաթ» Միջազգային Հաւաքը

Աշխարհ, Հայաստան

Երեւանի մէջ մեկնարկած է «Եւրասիական շաբաթ»  միջազգային հաւաքը: ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի Անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, հիւրեր, մինչ ծրագրային նիստի մեկնարկը, շրջած են տաղաւարներուն մէջ, ծանօթացած մասնակից ընկերութիւններու հնարաւորութիւններուն ու ծրագիրներուն:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ցուցահանդէսային մասը կը միաւորէ արտահանող եւ արտահանման ներուժ ունեցող ԵԱՏՄ երկիրներու ընկերութիւնները տարբեր ոլորտներէ՝ գիւղմթերքի վերամշակում եւ սննդարդիւնաբերութիւն, դեղագործական եւ բժշկական արտադրանք,  թեթեւ արդիւնաբերութիւն, շինանիւթերու արտադրութիւն, ոսկեգործութիւն:

Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին նախաձեռնութեամբ, ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան եւ «Պիզնես Արմէնիա» հիմնադրամին աջակցութեամբ, Հոկտեմբեր 22-24, Երեւանի մէջ կ՝իրականացուի ԵԱՏՄ տարածաշրջանին մէջ խոշորագոյն ամենամեայ գործարար հաւաքը՝ «Եւրասիական շաբաթ» միջազգային ցուցահանդէսային համաժողովը։ «Եւրասիական շաբաթ»-ը ուղղուած է ԵԱՏՄ գործարարներու միջեւ արդիւնաւէտ կապերու զարգացման, երրորդ երկիրներու հետ առեւտրային յարաբերութիւններու խթանման։

Գործարար համաժողովին կը նախատեսուի ԵԱՏՄ-էն շուրջ 2500 եւ երրորդ երկիրներէ շուրջ 250 ընկերութիւններու մասնակցութիւն։