Անիի Կամուրջին Վերականգնումը Իրականութեան Մէջ Ծրագրուած էր Մանազկերտի Ճակատամարտի 1000-ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրէն Ներս

Աշխարհ, Էրկիր, Հայաստան

Մելինէ Անումեան (թուրքագէտ)

«ԱԿՈՒՆՔ»

Այսօր Թուրքիա այցելած ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը «աւետած է», թէ իր պաշտօնակից Չաւուշօղլուին հետ համաձայնած են համատեղ ուժերով վերականգնել Անիի կամուրջը։ Արարատ Միրզոյեանը թերեւս չէ ալ նկատած, որ Չաւուշօղլուն՝ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ՝ հարկ չէ համարած ոչ միայն նշել Անիի կամուրջին հայկական ծագումը, այլ մինչեւ իսկ զայն անուանած է թուրքերուն կողմէ ընդունելի ձեւով՝ «Մետաքսի ճանապարհի կամուրջ»․․․

Չաւուշօղլուն՝ շեշտելով, որ այդ կամուրջը շատ հին է, եւ հաւանաբար կառուցուած է 10-րդ դարուն, ի հարկէ չէ ալ յիշատակած, թէ այդ ժամանակաշրջանին ովքեր եղած են այս միջնադարեան քաղաքին բնակիչները, իսկ այդ ընտրութիւնը պայմանաւորած է կամուրջին՝ հայ-թրքական սահմանին գտնուելուն հանգամանքով․․․

Ուշագրաւ է, որ իրականութեան մէջ թուրքերը առաջին անգամ չէ, որ պաշտօնապէս ցանկութիւն կը յայտնեն վերականգնելու Անիի կամուրջը։ Զայն վերանորոգելու մասին տեղեկութիւնները սկսած են շրջանառուիլ դեռ 2010-ին, իսկ 2020-ին, թրքական մամուլին նման մտադրութեան մասին յայտնած է Կարսէն ընտրուած թուրք պատգամաւոր Ահմէտ Ասլանը։ Ի հարկէ 44-օրեայ պատերազմի նախօրէին Թուրքիան բացարձակապէս մտադիր չէր այս կամուրջի վերանորոգման գործին մէջ ընդգրկելու հայ մասնագէտներ․․․

Հիմա, թուրքերը այդ կեղծ ժեստով կը փորձեն մոլորութեան մէջ դնել հայութիւնը՝ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալով, թէ իբր կ՝ուզեն ջերմ յարաբերութիւններ կառուցել Հայաստանի հետ, սակայն իրականութեան մէջ այդ կամուրջին վերակառուցումը նախապէս ծրագրուած էր 2071 թ․ Մանազկերտի ճակատամարտի 1000-ամեակին ընդառաջ նախատեսուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս․․․ Ճակատամարտ, որուն միջոցով թուրք տարրը սկսաւ հաստատուիլ այս տարածաշրջանին մէջ՝ ի հաշիւ տեղաբնիկներուն․․․