
ԱՀ Նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտունիի Մէջ Ներկայ Եղած է Նուռի Փառատօնին
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հոկտեմբեր 21-ին, Մարտունի քաղաքին մէջ ներկայ եղած է նուռի փառատօնին:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով՝ նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ փառատօնը կը դառնայ աւանդական։Բակօ Սահակեան շրջած է տաղաւարներէն ներս, ծանօթացած ներկայացուած ապրանքներուն, մասնակիցներու հետ զրուցած տարբեր հարցերու շուրջ: