Երկու Ամիս Առաջ, Երբ Փակուեցաւ Բերձորի Միջանցքը, Թուրքիոյ ԱԳ Նախարարը Յայտարարեց՝ ազրպէյճանի Կողքին են, Կ՝աջակցին Այս Հարցում»․ Թրքագէտ
Թրքագէտ Մելինէ Անումեանը վստահ է՝ ազրպէյճանը, Բերձորի միջանցքը փակելով, նպատակ ունի կոտրելու հայ ժողովուրդի կամքը։
«Հիմա արդէն աւելի լուրջ խնդիրների առաջ կարող ենք կանգնել, այդ թւում՝ սովամահութեան։ Այդ դէպքում, բնականաբար, անհրաժեշտ է ողջ հայութեան վերամիաւորումը»,- «ՀՈՐԻԶՈՆ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է թրքագէտը։
Ըստ անոր՝ հիմա արցախահայութիւնը Հայաստանի ու Սփիւռքի աջակցութեան կարիքը ունի․ այդ աջակցութեան տարբեր եղանակներ կրնան ըլլալ, նաեւ՝ ցոյցեր ողջ աշխարհի մէջ։ Թրքագէտը կը նկատէ՝ այս հարցով Հայ Դատի գրասենեակները առաջնակարգ կը գործեն, բայց անոնց պէտք է միանայ ողջ հայութիւնը։
Մելինէ Անումեանը կ՝արձանագրէ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները անգործութեան մատնուած են․ Հայաստանի իշխանութիւնները գրեթէ ոչինչ կ՝ընեն Բերձորի միջանցքը բանալու համար։
«ազրպէյճանը կը տեսնէ Հայաստանի իշխանութիւններուն անտարբերութիւնը Արցախի հարցին հետ կապուած։ Բացի այդ՝ ազրպէյճանը կ՝օգտուի այն փաստէն, որ Ռուսիան այժմ կեդրոնացած է Ուքրաինոյ հարցին վրայ։ ազրպէյճանը կը փորձէ այս ընթացքին լուծել իրեն համար կարեւոր հարցեր․ ասիկա կը կատարուի թուրքիոյ գործօն աջակցութեամբ։ թուրքիան երբեք չէ թաքցուցած իր աջակցութիւնը ազրպէյճանին։ Ինչպէս յայտնի է, դեռ երկու ամիս առաջ, երբ փակուեցաւ Բերձորի միջանցքը, թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց՝ ազրպէյճանի կողքին են, կ՝աջակցին այս հարցով»,- ըսած է թրքագէտը՝ նշելով, թէ թուրքիան կ՝ուզէ ազատուիլ Ռուսիոյ գործօնէն, ինչպէս ազատուեցաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործօնէն։
