Հայ Երգչուհի Զիլան Տիգրիսը Փլատակներու Մէջ Մահացած Գտած Են

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Թուրքիոյ մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած հայերու թիւին աւելցաւ նաեւ հայ երգչուհի Զիլան Տիգրիսը։ Տիգրանակերտի մէջ երգչուհին եւ իր ամուսինը մահացած գտած են փլատակներու մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով տիգրանակերտցի հայ երաժիշտ Ուտի Երուանդի (Երուանդ Պոսթանճեան) Facebook-ի գրութիւնը։

Ըստ աղբիւրին՝ հայ երաժիշտը իր էջին մէջ մասնաւորապէս նշած է․ «Ձեռքերս դողալով կը գրեմ․ դժբախտաբար կորսնցուցինք մեր թանկագին քոյրը՝ Զիլան Տիգրիսն ու իր ամուսինը։ Կը ցաւակցիմ Տիարպեքիրի մէջ զինք սիրողներուն։ Կորսնցուցինք մեր ձայներէն մէկը։ Անոր հետ մէկ շաբաթ առաջ երկար զրուցած էի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։ Անպատմելի վիշտ կ՝ապրիմ»։

Akunq.net-ի տեղեկութիւններով՝ Զիլան Տիգրիս ծնած էր 1972 թ., Տիգրանակերտ, ուր ստացած էր թէ՛ տարրական, թէ՛ միջնակարգ եւ թէ՛ բարձրագոյն կրթութիւնը: Ան ունէր հայկական ծագում ե՛ւ մօր, ե՛ւ հօր կողմէ։ Հայ երգչուհին 2015 թ․ Օգոստոսին մասնակցած էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի տուն» ծրագրին, որուն ծիրէն ներս՝ 85 հայերու հետ միասին՝ այցելած էր Հայաստան։