
Հայ Զինծառայողները Մասնակցած են Միջազգային Հեղինակաւոր Վարժանք-մրցոյթին
ՀՀ զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան 10 հոգինոց ստորաբաժանումը, Հոկտեմբեր 5-19, մասնակցած է Ուելսի մէջ իրականացուող Քեմպրիան Փաթրոլ վարժանքի նախապատրաստական ծրագիրին եւ բուն վարժանքին: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Քեմպրիան Փաթրոլը աշխարհի մէջ ամենամեծ վարժանք-մրցոյթն է, որ կ՝իրականացուի 1959-էն, Ուելսի 160-րդ հետեւակային բաժինին կողմէ: Երկօրեայ բուն վարժանքին ընթացքին տասնեակ երկիրներու խումբեր, կիրառելով մարտավարական հմտութիւններ եւ ֆիզիքական մեծ ջանքեր, պէտք է յաղթահարեն 60 քիլոմեթրանոց տարածք` շարժելով վարժանքի անհատական սենարին համաձայն: Մրցոյթի մասնակիցներու մօտ մէկ երրորդը սովորաբար չի կրնար աւարտել վարժանքը: Յաղթահարելով ամբողջ տարածութիւնը եւ հաւաքելով համապատասխան միաւորներ, խումբերը կը ստանան Քեմպրիան Փաթրոլը յաղթահարելու հաւաստագիր:
Այս տարի վարժանքին մասնակցած են 36 երկրի խումբեր: ՀՀ զինուած ուժերու խումբը գիշերային եւ ցերեկային պայմաններու մէջ յաջողութեամբ յաղթահարելով ինքնաշէն պայթուցիկ միջոցներու, քիմիական, կենսաբանական եւ ռատիոլոկիական արգելքները, կիրառելով վիրաւորներու տարհանման, հետախուզական, ջրային տարածութիւններու յաղթահարման հնարքներ, հաւաքած են բաւարար միաւորներ եւ արժանացած Քեմպրիան Փաթրոլի հաւաստագիրին: