
Նիկոլ Փաշինեան Վաղը Լիբանան Պիտի Մեկնի
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Հոկտեմբեր 20-ին, երկօրեայ աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Լիբանան:
Այցին ծիրէն ներս՝ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի բարձրագոյն ղեկավարութեան՝ նախագահ Միշէլ Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի հետ։
Նախատեսուած են նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումները Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն Պէյրութի հայկական հոգեւոր-մշակութային կեդրոններ, կրթական հաստատութիւններ։