Արցախի Շրջափակումը ազրպէյճանի՝ Արցախի Ժողովուրդի Ոչնչացման Ծրագրի Բաղադրիչներէն Մէկն է Միայն. Արցախի ԱԳՆ

Հայաստան

Կ՝ողջունենք Եւրոխորհրդարանի դատապարտումը ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակման վերաբերեալ եւ Լաչինի միջանցքի գործունէութիւնը անյապաղ վերականգնելու մասին կոչերը՝ ի կատարումն 2020 թ․ Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու։ Երախտագիտութիւն կը յայտնենք այն պատգամաւորներուն, որոնք սկզբունքային դիրքորոշում դրսեւորած են Արցախի եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ ազրպէյճանի անմարդկային քաղաքականութեան կանխման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։ Այս մասին նշուած է Արցախի ԱԳ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Հաւանութիւն կու տանք տեղւոյն վրայ մարդկայնական իրավիճակը գնահատելու նպատակով Լաչինի միջանցք փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ Արցախ մուտքը ապահովելու կոչերուն։ Բարձր կը գնահատենք Եւրոխորհրդարանի դիմումը միջազգային հանրութեան՝ աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալու Արցախի ժողովուրդի ճակատագրին վրայ։

Կրկին կ՝ընդգծենք, որ Արցախի շրջափակումը ազրպէյճանի՝ Արցախի ժողովուրդի ոչնչացման ծրագրի բաղադրիչներէն միայն մէկն է։ Ստեղծելով անտանելի կենսապայմաններ՝ ազրպէյճանը նպատակ ունի վտարելու Արցախի ժողովրդը իր պատմական հայրենիքէն։ Կարեւոր կը համարենք միջազգային հանրութեան հաւաքական ջանքերուն կեդրոնացումը յստակ քայլերու իրականացման վրայ՝ միտուած ազրպէյճանի ցեղասպանական ծրագրի խափանման»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։