ազրպէյճանի Իշխանութիւններուն Կողմէ Վարձուած Շինծու «Բնապահպաններ»-ուն Իբրեւ Այդպիսին Չեն Ճանչնար Անգամ ազրպէյճանի Բնապահպանները. Յայտարարութիւն
«Արկադի Տէր-Թադեւոսեանի անուան Քաղաքացիական խորհուրդ» հայրենասիրական ՀԿ-ն տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ կ՝ըսուի․
«ազրպէյճանի հանրապետության ռասիստական իշխանութիւններուն կողմէ վարձուած շինծու «բնապահպաններ»-ու անուան տակ, որոնցմէ եւ ոչ մէկը կը ճանչնար որպէս այդպիսին անգամ ազրպէյճանի բնապահպանները, կը շարունակուի հայերուն ցեղասպանութիւնը իրենց բնօրրանին մէջ, որ սպառնալիք է Հայաստանի համար, երբ ազրպէյճանէն եւ թուրքիայէն կը հնչեն նոր ռազմական յարձակման բացայայտ կոչեր։
ազրպէյճանը իր կազմաւորումէն՝ 1920 թուականէն ի վեր, մշտապէս կը վարէ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային ճնշումներու, բռնութեան եւ ցեղական զտումներու քաղաքականութիւն՝ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս հայերուն հանդէպ։ Այդ ամէնը լիովին կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի 1948 թուականին ընդունած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ անոր դէմ պայքարի մասին» բանաձեւին (United Nations General Assembly on 9 December 1948, Resolution 260 (III); “Adoption of the Conven-tion on the Prevention and Punishment of the Crime of Genocide”): Նոյնը կը շարունակուի այսօր՝ դաժան ցուրտի պայմաններուն մէջ արգելափակելով Արցախի կազամուղը, Հայաստանի հետ կապող կեանքի միակ ճանապարհը՝ նպատակ ունենալով հասարակական, առողջապահական, պարէնային եւ տնտեսական անտանելի իրավիճակ ստեղծել եւ արցախահայութեան պարտադրել զանգուածային արտագաղթ։
Մենք՝ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիական հանրութիւնը ներկայացնող կազմակերպութիւններու անդամներս, կը դիմենք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ անոր մշտական անդամ երկիրներուն՝ ԱՄՆ-ին, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսային, Ռուսիոյ եւ Չինաստանին, Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցով յատուկ իրաւագիրով ներկայացող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երկիրներուն՝ ԱՄՆ-ին, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսային։
Եթէ մարդու իրաւունքները, ներառեալ ինքնորոշման իրաւունքը, որ այս պարագային կ՝աղերսուի տարրական ապրելու իրաւունքին հետ, վերացական հասկացութիւններ չեն եւ չկան երկակի չափանիշներ տարբեր երկիրներու եւ տարածաշրջաններու համար, ուրեմն կոչ կ՝ընենք՝
անյապաղ հասցէականօրէն դատապարտելու ազրպէյճանի կողմէ ցեղասպանութեան եւ ցեղական զտման նպատակով իրականացուող Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումը,
շրջափակման վերացման ուղղուած կոչերուն եւ յայտարարութիւններուն չանսալու եւ չարձագանգելու պարագային ազրպէյճանի դէմ կիրառելու պատժամիջոցներ, ինչպէս նաեւ՝ համապատասխան գործիքակազմ, եւ կասեցնել անոր անդամութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններուն,
ձեռնարկելու միջոցներ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի երկայնքով ռազմական յարձակման լարումը եւ զարգացումը կանխելու նպատակով»։
ՇՈՒՇԻ հայրենակցական միութիւն
«Արկադի ՏէրԹադեւոսեանի անուան Քաղաքացիական խորհուրդ»ՀԿ
Համահայկական ազգային համաձայնութիւն
«ԱԱԾ պահեստազօրի սպաների միութիւն»ՀԿ
«Հայ ազգային ճակատ» ՀԿ
Նժդեհեան ցեղակրօն կուսակութիւն
«Պահեստազօրի սպաներ» շարժում
Հայք-Հայկազուն կուսակցութիւն
Քրիստոնեայ Ժողովրդական կուսակցութիւն
«ՎԱՀԱԳՆ» ռազմահայրենասիրական ՀԿ
«ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՁԱՅՆ» նախաձեռնութիւն
«ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄ» ՀԿ
«ԹԵԳՄ» ՀԿ (Թերապեւտների երիտասարդական գիտական միութիւն)
«ՄԱՇՏՈՑ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄ» ՀԿ
«Անգել» ՀԿ
«ՆՅՈՒ ԱՐՔ» ՀԿ
«ԱՊԱԴԱՆԱ» ՀԿ
«ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ» հետազօտական կեդրոն
«Ֆերմերային շարժում» ՀԿ
«Քաղաքակրթութիւնների երկխօսութիւն» Ազգային կեդրոն
Համահայկական գրողների միութիւն
Սպառողների աջակցման կեդրոն
ՋԵՆԵՍԻՍ – ԱՐՄԵՆԻԱ ուղեղային կեդրոն հիմնադրամ
մշակոյթի գործիչների «Ձայն հայրենեաց» շարժում
«Վերադարձ» հիմնադրամ
«Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» ՀԿ
«Մարդու իրաւունքների եւ ցեղասպանագիտութեան կեդրոն» ՀԿ
«ԱՐԱԲՈ» հայրենասիրական միութիւն» ՀԿ
«Կովկաս» հասարակագիտական հետազօտութիւնների կեդրոն ՀԿ
