
ՀՀ Վարչապետի Ընտրութեան Հարցը Խորհրդարանը Պիտի Քննարկէ Հոկտեմբեր 24-ին
Ազգային ժողովէն ներս՝ ՀՀ վարչապետի ընտրութեան հարցին խորհրդարանը պիտի անդրադառնայ Հոկտեմբեր 24-ին: Ըստ armenpress.am-ի՝ համաձայն ՀՀ սահմանադրութեան՝ վարչապետի հրաժարական ներկայացնելու կամ վարչապետի պաշտօնը թափուր մնալու այլ դէպքերու պարագային՝ Կառավարութեան հրաժարականը ընդունուելէն ետք, եօթնօրեայ ժամկէտի ընթացքին, Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները իրաւունք ունեն առաջադրելու վարչապետի թեկնածուներ: Ազգային ժողովը վարչապետը կ՝ընտրէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներուն մեծամասնութեամբ:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական ներկայացուցած է Հոկտեմբեր 16-ին, ՀՀ նախագահը նոյն օրը ընդունած է կառավարութեան հրաժարականը: Հետեւաբար, Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները մինչեւ Հոկտեմբեր 23 ժամանակ ունին վարչապետի թեկնածու առաջադրելու համար, իսկ ատոր յաջորդող օրը արդէն տեղի պիտի ունենայ վարչապետի ընտրութեան հարցին քննարկումը:
Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքին համաձայն՝ վարչապետի ընտրութեան հարցը Ազգային ժողովի նիստին կը քննարկուի վարչապետի թեկնածուներու առաջադրման ժամկէտը լրանալու օրուան յաջորդող օրը: Այդ օրը, Ազգային ժողովի հերթական նիստեր չիրականացուելու պարագային, վարչապետի ընտրութեան հարցը կը քննարկուի վարչապետի թեկնածուներու առաջադրման ժամկէտը լրանալու օրուան յաջորդող օրը՝ ժամը 12:00-ին, իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստին, որուն մասին յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ Ազգային ժողովի նախագահը:
Քանի որ Հոկտեմբեր 24-ը ՀՀ Ազգային ժողովի հերթական նիստի օր է, վարչապետի ընտրութեան հարցին անդրադարձ պիտի ըլլայ հերթական նիստին ընթացքին: