Լիբանանհայ Երեք Կուսակցութիւնները Հայ Համայնքին Արդար Իրաւունքները Յարգելու Կոչ Կ՝ուղղեն. Հաղորդագրութիւն

Աշխարհ, Սփիւռք

Հոկտեմբեր 18-ի կէսօրին, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ժողով մը գումարեցին Ազգային առաջնորդարանին մէջ` քննելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ հայութեան ներկայացուցչութեան հարցը:

Ժողովականները ողջունեցին կառավարութեան կազմութեան համար ի գործ դրուող ճիգերը` յուսալով, որ անոնք կ’արդիւնաւորուին ամէնէն արագ միջոցին` երկիրը դուրս բերելով քաղաքական ներկայ տագնապէն: Անոնք նաեւ շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը ազգային համախոհութեան եւ համայնքային հաւասարակշռութեան հիմերով կառավարութեան մը կազմութեան, ուր յարգուած ըլլան Թաէֆի համաձայնութեամբ ճշդուած պայմանները եւ երկրի բաղկացուցիչ բոլոր համայնքներուն արդար ներկայացուցչութիւնը ապահովող չափանիշները:

Այս առիթով, ժողովականները խոր մտահոգութիւն յայտնեցին վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւններուն մասին, որոնք 30 հոգինոց կառավարութեան մը մէջ կը նախատեսեն միայն մէկ հայ առաքելական նախարար` երկրորդ նախարարի համար նկատի ունենալով փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ մը:

Ժողովականները իրենց նախանձախնդրութիւնը յայտնեցին, ինչպէս բոլոր համայնքներու, նաեւ հայ համայնքի արդար իրաւունքներուն պահպանման եւ առ այդ` մերժեցին ընդունիլ համայնքին դէմ գործուելիք այս անիրաւութիւնը:

Ժողովի աւարտին, ներկաները կոչ ուղղեցին կառավարութեան կազմութեան մասնակից քաղաքական բոլոր ուժերուն` յարգելու հայ համայնքին արդար իրաւունքները եւ ապահովելու անոր ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը նոր կառավարութեան մէջ: