
Փաշինեան Յոյսով է, որ ՀՀ Տնտեսութիւնը Արտահերթ Ընտրութիւններէն Ետք Պիտի Աշխուժանայ
ՀՀ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յոյս ունի, որ տնտեսական իրավիճակը աւելի պիտի աշխուժանայ արտահերթ ընտրութիւններէն ետք: Ըստ Armenpress.am-ի` այս մասին, Հոկտեմբեր 18-ին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է Նիկոլ Փաշինեան:
«Քաղաքական առկախուած վիճակը կ՝առկախէ նաեւ որոշ տնտեսական գործունէութիւն, ատիկա տնտեսագիտութեան մէջ կանոն է: Յոյս ունինք, որ տնտեսական իրավիճակը շատ աւելի աշխոյժ պիտի ըլլայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք»,- ըսած է ան:
Վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը նաեւ ընդգծած է, որ իրենք շահագրգռուած են, որ ՀՀ-ի մէջ ներդրումներ տեղի ունենան, իսկ կառավարութիւնը իր առաւելագոյնը պիտի ընէ ներդրողներուն աջակցելու համար: