Արժանթինի Ծերակոյտի ՀՀ Հետ Բարեկամական Խումբը Ազրպէյճանին Կող Կ՝ընէ Անյապաղ Բանալու Լաչինի Միջանցքը
Արժանթինական Հանրապետութեան Ծերակոյտին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամական խումբը ընդունած է յայտարարութիւն՝ դատապարտելով ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին արգելափակումը եւ մտահոգութիւն յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուելիք հնարաւոր մարդկայնական աղէտին առնչութեամբ:
Բարեկամական խումբի անդամները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Լաչինի միջանցքին փակման եւ Արցախի մէջ բնակող 120 հազար շրջափակուած քաղաքացիներու անվտանգութեան, սնունդի եւ այլ ծառայութիւններու հասանելիութեան սահմանափակման առնչութեամբ:
