Ազրպէյճանի Հանդէպ Համապատասխան Պատժամիջոցներու Կիրառումով Միայն Հնարաւոր է Կայունացնել Իրավիճակը Տարածաշրջանին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը.

«Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՝ողջունէ  ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հարցին քննարկումը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի Դեկտեմբեր 20-ի արտակարգ նիստին։ Նման ազդեցիկ միջազգային  կազմակերպութեան առանցքային մարմնին այդ հարցով  արտակարգ նիստ հրաւիրելը արդէն իսկ ցոյց կու տայ միջազգային հանրութեան լուրջ մտահոգուածութիւնը ստեղծուած իրավիճակով, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանի ուխտադրուժ քաղաքականութեան առնչութեամբ: Միջազգային հանրութեան քննադատական դիրքորոշումը այդ երկրի քաղաքականութեան հանդէպ արտայայտուեցաւ ՄԱԿ ԱԽ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն ելոյթներով։

Արցախի ժողովուրդը կ՝առերեսուի մարդասիրական աղէտի, որ չի կրնար եւ պէտք չէ անտեսուի։ Յոյսով ենք, որ միջազգային հանրութիւնը կը ձեռնարկէ նաեւ յստակ քայլեր Արցախի ապաշրջափակման ուղղութեամբ։

ազրպէյճանի հանդէպ համապատասխան պատժամիջոցներու կիրառումով միայն հնարաւոր է կայունացնել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ եւ ստեղծել նախադրեալներ տեւական խաղաղութեան համար»։